ԱՐՍԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ՝ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾ
ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ նշանակուած է Արսէն Աւագեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Արսէն Աւագեան օտար անուն մը չէ, քանի որ 2001-2005 թուականներուն միջեւ նոյն պաշտօնը վարած էր քաղաքիս մէջ։ Ան ապա վերադառնալով Երեւան շարունակած էր իր պաշտօնավարութիւնը Արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ։
Արսէն Աւագեան փափկավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Արսէն Աւագեան իր ուրախութիւնը յայտնեց անգամ մը եւս Պոլիս վերադառնալու առընչութեամբ։ Սրբազան Հայրը ողջունեց Աւագեանի ներկայութիւնը Պատրիարքարանէ ներս՝ ուրախութիւն յայտնելով այս պաշտօնի վրայ տեսնելու ծանօթ անուն մը։ Նորին Սրբազնութիւնը յաջողութիւն մաղթեց իրեն դիւանագիտական նոր պաշտօնին մէջ։