ԴՐՈՒԱՏԻՔ ԵՒ ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆ

Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հին նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լեց Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոց, ուր ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի կող­մէ։ Շուրջ մէ­կու­կէս ժամ տե­ւեց այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, որ ան­ցաւ ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Կու­սա­կա­լը յայտ­նեց, որ միշտ լսած էր Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի դրուա­տի­քը, հե­տե­ւա­բար փա­փա­քած էր նաեւ այ­ցե­լել ու տեղ­ւոյն վրայ ծա­նօ­թա­նալ հաս­տա­տու­թեան։ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, որ բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րը ող­ջու­նե­լով գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց իր տուած պա­տուին հա­մար՝ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց հի­ւան­դա­նո­ցի ան­ցեա­լին, ներ­կայ գոր­ծու­նէու­թեան եւ թրքա­հայ կեան­քէ ներս ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թեան շուրջ։ Վա­սիփ Շա­հին շրջայց մը կա­տա­րեց նաեւ հի­ւան­դա­նո­ցի թան­գա­րա­նին մէջ, որ եւս ստեղ­ծուած է Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի բա­րե­րա­րու­թեամբ։

Հի­ւան­դա­նո­ցի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Վա­սիփ Շա­հին ստո­րագ­րած է նաեւ հաս­տա­տու­թեան պա­տուոյ տո­մա­րը։ Իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կու­սա­կա­լը ա­ռանձ­նա­պէս գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նած է թան­գա­րա­նը տե­սած ըլ­լա­լու եւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի կա­տա­րած մեծ գոր­ծին վկա­յած ըլ­լա­լու բե­րու­մով։ Կու­սա­կա­լը շեշ­տած է, որ այս հաս­տա­տու­թիւ­նը քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցե­լու ա­ռըն­թեր կը ծա­ւա­լէ նաեւ գոր­ծու­նէու­թիւն ըն­կե­րա­յին եւ մշա­կու­թա­յին բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս։ Վա­սիփ Շա­հին նաեւ շնոր­հա­ւո­րած է հի­ւան­դա­նո­ցի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ու պաշ­տօ­նէու­թիւ­նը, ի մաս­նա­ւո­րի Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուն։ Ան ար­ձա­նագ­րած է նաեւ իր մաղ­թան­քը, որ­պէս­զի յա­ջող ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը ըլ­լան յա­րա­տեւ։

Այցելութեան աւարտին Վասիփ Շահին գոհունակ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2015