ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Սու­րու­չի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը յաչս պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­պէս վշտակ­ցու­թիւն յայտ­նեց։ Այս­պէս, ե­րէկ, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ցա­ւակ­ցա­կան մը ու­ղար­կեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յայտ­նեց, թէ խոր ցա­ւով տե­ղե­կա­ցած էր պա­տա­հած­նե­րուն։ Զո­հե­րուն հա­մար հոգ­ւոյ հանգս­տու­թիւն հայ­ցե­լու ա­ռըն­թեր Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ա­րագ ա­պա­քի­նում մաղ­թեց վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն հա­մար։ Յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին, Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին եւ ամ­բողջ հա­մայն­քին ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ յայտ­նե­լու ա­ռըն­թեր, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ընդգ­ծեց, թէ առ Աս­տուած կ՚ա­ղօ­թէ, որ­պէս­զի մեր աշ­խար­հագ­րու­թեան մէջ առ­կայ ցա­ւա­լի դէպ­քե­րը ժամ ա­ռաջ վերջ գտնեն ու վե­րա­հաս­տա­տուի խա­ղա­ղու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2015