«ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ԶԻՍ ՔՆՆԱԴԱՏՈՂՆԵՐԸ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ԵՆ»
«Ես այսօր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն աչքին կը շարունակեմ մնալ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ», երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Սրբազան հայրը ներկայացուց այն իրագործումները, զորս կատարած է ութ տարիներուն ընթացքին, յիշեցնելով նաեւ, որ միաբանութեան բոլոր անդամները, աշխարհական գործիչները եւ նոյնիսկ օտարներ գնահատած են իր գործունէութիւնը: «Այսօր Պոլսոյ մէջ զիս քննադատողները համայնքի մեծամասնութիւնը չեն ներկայացներ եւ անոնք, որոնք զիս կը քննադատեն եւ նոյնիսկ հայհոյալից ոճով կը խօսին իմ հասցէին, անոնք փոքրամասնութիւն են», ըսաւ ան:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսելով Պոլսոյ Պատրիարաքական Աթոռի ապրած տագնապին մասին՝ ըսաւ. «Այսօրուան ընդհանուր իրավիճակը ճիշդ ներկայացնելու համար նախ պէտք է վերյիշեմ 2010 թուականը, երբ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան պատրիարքը տակաւին նոր հիւանդացած էր: Այդ օրերուն մեր Եկեղեցական համագումարը հաշուի առնելով, որ աթոռակից պատրիարք մը ընտրելու կարիք կար, կուսակալութեան նամակ մը գրեցինք: Այդ նամակին տակ ստորագրեցինք ես եւ միաբանութեան երիցագոյն անդամներէն՝ վախճանեալ Տ. Շահան Արք. Սվաճեան: Այդ քայլին դիմեցինք, որովհետեւ մեր սահմանադրութեան մէջ կը շեշտուի, որ պատրիարքը ցկեանս է, հետեւաբար աթոռակից պատրիարք մը ընտրելու իրաւունք չունէինք: Ասոր կողքին՝ այդ օրերուն կազմուած նախաձեռնարկ մարմինը իր կարգին նոյնպէս նամակ մը գրելով կուսակալութեան կը յայտնէր իր փափաքը. փոխանակ աթոռակից պատրիարք մը ընտրելու, ընտրել ուղղակի պատրիարք մը։ Իր կարգին, կուսակալութիւնը այդ դիմումին բացասական պատասխան կու տար նշելով, որ քանի որ պատրիարքը վար առնելու իրաւասութիւն չունինք, հետեւաբար կը մերժէր նախաձեռնարկ մարմինին ինքնագլուխ պատրիարք մը ընտրելու դիմումը: Ըսեմ նաեւ, որ պետութիւնը դէմ չէր աթոռակից պատրիարք մը ընտրելու, սակայն նախաձեռնարկ մարմնի դիմումէն ետք կ՚առաջարկէր, որ մենք պատրիարքական փոխանորդ մը ընտրենք: Ըսեմ նաեւ, որ մեր աթոռի պատմութեան մէջ առաջին անգամը չէր, որ մենք պատրիրաքական ընդհանուր փոխանորդներ կ՚ունենայինք: Ինչ կը վերաբերի իմ պատրիարաքական ընդհանուր փոխանորդութեանս, ապա ըսեմ, որ այդ մէկը հաստատուած է Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի կողմէ, 2008-ին ինծի ուղղուած գրաւոր նամակով: Հետեւաբար այդ նամակին հիման վրայ պետական մարմիններ վաւերացուցին կրօնական համագումարին կողմէ իմ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ ընտրուիլս»:
Սրբազան հայրը դիտել տուաւ նաեւ, որ շատեր զինք կը մեղադրեն, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եղբայրն է եւ այդ մեղադրողներուն ինք կ՚ըսէ. «Եթէ ես երկրիս նախագահին, վարչապետին եւ նախարարներուն հետ լաւ եմ, ապա ատիկա իմ համայնքիս շահերուն համար է», ըսաւ սրբազանը յիշեցնելով բոլոր այն իրագործումները, որոնք կատարուած են իր պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդութեան ութ տարիներուն:
ՊԵՔՃԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԷՏՔ Է ՀԵՌԱՆԱՅ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԷՆ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խօսեցաւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մասին՝ նշելով, որ միայն կրօնականները իրաւունք չունին պատրիարքը հանգստեան կոչելու կամ վար առնելու: Ան այս առումով ըսաւ. «Հակառակ անոր, որ մենք գիտէինք, թէ Կրօնական ժողովը առանձինն չի կրնար եւ իրաւունք չունի պատրիարքը հան-գըստեան կոչելու, մենք գացինք այդ քայլին»։
Սրբազանը ըսաւ նաեւ, որ ինք Կրօնական ժողովի անդամներուն յայտնած է, թէ պետական շրջանակներ դէմ են տեղապահ ընտրուելուն, բայց չանսացին իր խօսքին: «Տեղապահի ընտրութիւնը եղաւ եւ պետութիւնը ընտրութենէն 10 վայրկեան ետք պատգամ մը ուղարկելով մերժեց կատարուած ընտրութիւնը», ըսաւ ան:
Ըստ Արամ սրբազանին, պետութիւնը ցայսօր ալ զինք որպէս համայնքի կրօնական առաջնորդ եւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ կը ճանչնայ: Խօսելով իր եւ Սահակ սրբազանին միջեւ առկայ տարակարծութեանց մասին՝ Տ. Արամ Սրբազան ըսաւ. «Մենք անհատական հարց մը չունինք, երկուքս ալ հոգեւոր եղբայրներ ենք, սակայն կան տարակարծութիւններ ընտրական գործընթացին վերաբերեալ»: Ան նաեւ հաւաստեց, որ եթէ ինք իր պաշտօնին վրայ շարունակէր մնալ, ապա այսօր պատրիարքական ընտրութիւնը պիտի կայացուէր ու ըսաւ. «Ես ապստամբ մը չեմ եւ եթէ պաշտօնիս վրայ մնայի, այսօր մենք նոր պատրիարք մը կ՚ընտրէինք»:
Սրբազանը նշեց նաեւ, որ ցայսօր ալ Թուրքիոյ պետական մարմինները չեն ընդունած Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տեղապահ ընտրուիլը եւ ցարդ ալ անոր նամակներուն չէ պատասխանած կամ զինք չէ ընդունած:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կարծիք յայտնեց, որ այսօր Պոլսոյ տագնապէն դուրս գալու համար կայ միակ ճանապարհ մը. Պեքճեան սրբազանին իր պաշտօնէն հեռանալը։ «Որպէսզի կարողանանք ընտրութիւն կատարել, Պեքճեան սրբազան պէտք է հեռանայ իր պաշտօնէն, եւ ես անձամբ ըսած եմ այդ մէկը սրբազանին», ըսաւ ան:
ՊՈՒՆՏԵՍԹԱԿԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ԱՌԹԻՒ ԳՐՈՒԱԾ ՆԱՄԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ
Աթէշեան սրբազան խօսեցաւ նաեւ Գերմանիոյ Պունտեսթակին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման օրերուն Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողանին յղուած դատապարտման նամակին մասին՝ նշելով, որ ինք այդ նամակը առանձինն չէ գրած եւ հետեւած է իր նախնիներու օրինակներուն ըսելով՝ «Ես Թուրքիոյ մէջ գործող կրօնաւոր առաջնորդ եմ եւ չեմ կրնար պետութեան դէմ ապստամբիլ»:
ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԷՆ ԴԺԳՈՀ Է
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կարծիքով՝ տեղւոյն հայութիւնը դժգոհ է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Կարօ Փայլանի պահուածքէն: Սրբազանը այս մասին կարծիք յայտնեց լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին եւ ան մասնաւորապէս ըսաւ, որ պոլսահայերը հայ պատգամաւորի պահուածքէն անհանգիստ են եւ կը կարծեն, որ խորհրդարանին մէջ անոր բարձրացուցած հարցերը կը վնասեն հայ համայնքին: «Հայ համայնքը անհանգիստ է խորհրդարանին մէջ իր խօսելու, գոռալու, կանչելու ձեւերէն, որովհետեւ մենք կը կորսնցնենք մեր իրաւունքները: Ան խորհրդարանին մէջ այնպէս պէտք է խօսի, որպէսզի մեր համայնքին վնաս չտայ, եթէ համայնքը անհանգիստ է, ուրեմն բան կայ մէջտեղը: Հայաստանի մէջ ազատ-ազատ կը խօսիք, մեր տեղը դուք չէք եւ չէք հասկնար մեզ», ըսաւ Արամ սրբազան: Անոր խօսքով՝ Կարօ Փայլան մէկ կողմէն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն «կը զարնէ», իսկ միւս կողմէ ալ «կը շոյէ»: «Փայլան երկու կողմով կը խօսի, մէկ կողմով կը զարնէ եւ միւս կողմով կը շոյէ» եզրափակած է սրբազանը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան