ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՋԱԴՐԱԾ ԻԳԱԿԱՆ ՍԵՌԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ «ՍԷՎ» ՀԻՄՆԱՐԿԻՆ ՄԷՋ
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը այս շրջանին ամբողջութեամբ կեդրոնացած է Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի շաբաթավերջին նախատեսուած ընտրութեան վրայ։ Քուէարկութեան ընդառաջ թեկնածուները կը շարունակեն իրենց զօրակցութեան որոնումները համայնքային շրջանակներէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ նախընթաց օր «ՍԷՎ» հիմնարկի հաւաքատեղիէն ներս տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդիպում մը։ Այսպէս, հիմնարկի վարչութեան անդամները հիւրընկալեցին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին համար թեկնածութիւն առաջադրած իգական սեռէ չորս գործիչ։ Վարչութեան ժողովին ժամանակ Պէյօղլուի վերաբերեալ իրենց մտադրութիւնները բաժնեցին թեկնածուներէն Շէյտա Նանեան, Լենա Ենիեորկան, Ժիւլիէթ Քոսթանօղլու եւ Գարին Չուպուքճեան-Պոզքուրթ։ Այս վերջինները թէեւ տարբեր խմբաւորումներու կազմին մէջ կը ձգտին Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի ղեկին հասնիլ, սակայն, «ՍԷՎ» հիմնարկի երդիքին տակ պարզուեցաւ գեղեցիկ տեսարան մը, որ եկաւ վկայել, թէ կիրթ ու նպատակասլաց պայքար մը յառաջ կը տարուի բոլոր թեկնածուներուն կողմէ։