ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի տնօ­րի­նու­թեամբ Իս­թան­պու­լի հա­յա­հոծ ութ թա­ղե­րու ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ ե­րէկ յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցան հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին նա­հա­տա­կուած­նե­րը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս առ­թիւ նա­խա­գա­հեց Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը, ո­րու ըն­թա­քին հա­րիւր տա­րի ա­ռա­ջուան Չա­նաք­քա­լէի պա­տե­րազ­մին ժա­մա­նակ նա­հա­տա­կուած քրիս­տո­նեա­նե­րու, մահ­մե­տա­կան­նե­րու, հրեա­նե­րու եւ ա­նաս­տուած­նե­րու հոգ­ւոյն հանգս­տու­թեան հա­մար ա­ղօթք բարձ­րա­ցուց առ Աստուած։

Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ գտնուած է նաեւ Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու։

*

Ծ.Խ.- Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը նման ծրագ­րեր կեան­քի կո­չե­լու ժա­մա­նակ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն դժբախ­տա­բար ծայր աս­տի­ճան ան­լուրջ, հա­կա­սա­կան ու սի­րո­ղա­կան գոր­ծե­լաո­ճի մը կը հե­տե­ւի։ Մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն­նե­րը ար­ձա­գանգ գտած են թրքա­կան զանգուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին մե­զի յայտ­նած էր, որ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն­նե­րը պի­տի կա­տա­րուէին միայն Չա­նաք­քա­լէի մէջ զո­հուած հայ զի­նուոր­նե­րուն հա­մար։ Սա բնա­կա­նա­բար բո­լո­րո­վին միա­կող­մա­նի եւ երկ­րի ներ­կայ մթնո­լոր­տին մէջ անն­պա­տա­կա­յար­մար քայլ մը պի­տի ըլ­լար։ Այդ­քա­նով հան­դերձ, չենք գի­տեր, թէ ին­չո՞ւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը փա­փա­քած էր թրքա­հայ հան­րա­յին կար­ծի­քին այդ­պէս մա­տու­ցել նիւ­թը։ Այ­սօր ար­դէն տե­ղա­կան մա­մու­լէն բազ­մա­թիւ թեր­թեր բա­ցա­յայ­տօ­րէն գրած են, թէ ո­գե­կո­չում­նե­րը այդ­քա­նով սահ­մա­նա­փա­կուած չէին։ Նոյ­նիսկ մէջ-­բե­րուած են Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի թրքե­րէ­նով խօսուած քա­րո­զէն խօս­քեր, ո­րոնք յա­ւե­լեալ մեկ­նա­բա­նու­թեան մը կա­րի­քը չեն ստեղ­ծեր։

Պատ­րիար­քա­րա­նը ին­չո՞ւ ան­կեղծ չէ հան­րա­յին կար­ծի­քին հետ։ Ին­չո՞ւ նոյն նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ տար­բեր շեշ­տադ­րում­նե­րով տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը մա­տու­ցուին տար­բեր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն։

Այս­պի­սի նուրբ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ, գե­րա­դա­սե­լին այն է, որ Պատ­րիար­քա­րա­նը պաշ­տօ­նա­պէս, գրա­ւոր ձե­ւով տե­ղեակ պա­հէ հան­րա­յին կար­ծի­քը։ Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք, տե­ղա­կան թեր­թե­րէ շա­տե­րու պա­րա­գա­յին այ­սօ­րուան հա­ղոր­դում­նե­րուն հա­մար որ­պէս աղ­բիւր ցոյց տրուած է Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ թո­ղար­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը, քա­րոզ­չա­կան ե­րանգ­նե­րով հան­դերձ։ Այս­պէ՞ս է, որ հան­րա­յին կար­ծի­քին պէտք է մա­տու­ցուի մեր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ կա­տա­րուած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը։ Հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն­նե­րէն ա­ռաջ ո՛չ Պատ­րիար­քա­րա­նը բան մը ը­սած է մեր հա­մայն­քին, ոչ ալ՝ թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րը այն ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, ուր տե­ղի ու­նե­ցած են հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն­նե­րը։ Կար­ծես թէ կա­տա­րուա­ծը ժո­ղո­վուր­դէն թաքց­նե­լու, մեր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թեան մը առ­ջեւ թո­ղե­լու նպա­տա­կը հե­տապն­դուած ըլ­լար։ Բնա­կա­նա­բար, այդ­պէս չէ ե­ղած, սա­կայն ա՛յս վե­րա­բեր­մուն­քը ա­կա­մայ կը ստեղ­ծէ այն­պի­սի տպա­ւո­րու­թիւն մը։

Հա­զար ափ­սոս, որ Պատ­րիար­քա­րա­նը այս­պի­սի ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ հետզ­հե­տէ կը խո­րաց­նէ սի­րո­ղա­կան գոր­ծե­լա­կեր­պը եւ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն իր իսկ պա­րա­գա­յին կը ստեղ­ծէ խեղ­ճի տպա­ւո­րու­թիւն։

Նման պա­րա­գա­նե­րու մէջ ա­ռա­ւե­լա­գոյն նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն պէտք է ցու­ցա­բե­րել, որ­պէս­զի Պատ­րիար­քա­րա­նին առ­նե­լիք քայ­լը շատ հասկ­նա­լի ու պարզ ըլ­լայ թէ՛ ընդ­հա­նուր հա­սա­րա­կու­թեան եւ թէ մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ։ Այ­լա­պէս, առ­կայ ըն­թաց­քը մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ ո­րե­ւէ օ­գուտ չի բե­րեր։ Հա­մայն­քի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րուն շուրջ պէտք չէ՞ ըլ­լալ ա­ւե­լի բծախն­դիր։

Որ­պէս վեր­ջին հան­գա­մանք ա­ւելց­նենք նաեւ հե­տե­ւեա­լը. Ե­թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ը­րած է տնօ­րի­նու­թիւն մը, ա­պա հա­մա­պա­տաս­խան ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը պէտք է նա­խա­գա­հէ բա­ցա­ռա­պէս Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ու­րիշ ո­րե­ւէ տեղ չ՚ու­նե­նար հա­մա­պա­տաս­խան կշի­ռը։ Այ­սօ­րուան ե­րե­ւոյ­թը այն է, որ Պատ­րիար­քա­րա­նը նոյ­նիսկ ինքն իսկ հետզ­հե­տէ կը հե­ռա­նայ կեդ­րո՛ն մը ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թե­նէն։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2015