ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն կազ­մա­կեր­պուած ֆութ­պո­լի մրցա­շար­քը ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին այս մրցա­շար­քը ձօ­նուած էր մեր մար­զա­կան աշ­խար­հի խորհրդան­շա­կան ա­նուն­նե­րէն Ա­լեք­սան Տա­տեա­նի յի­շա­տա­կին։ Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի Ֆէ­րի­գիւ­ղի մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցան հան­դի­պում­նե­րը, մաս­նակ­ցու­թեամբ հա­մայն­քա­յին տասն միջ­նա­կարգ­նե­րէ ֆութ­պո­լի խում­բե­րու։

Մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը յա­ջող խա­ղար­կու­թեամբ ծա­փա­հա­րու­թեան ար­ժա­նա­ցան մրցում­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Ե­րէկ, կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն տե­ղի ու­նե­ցան եզ­րա­փա­կիչ խա­ղերն ու մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Մրցա­շար­քի ա­ռաջ­նու­թիւ­նը նուա­ճեց Գա­րա­կէօ­զեան, ո­րուն հե­տե­ւե­ցան Է­սաեան, Մէ­րա­մէթ­ճեան եւ Պէզ­ճեան։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի վար­ժա­րա­նի մար­զան­քի ու­սու­ցիչ­նե­րէն Գա­մէր Տիւ­վէն­ճիի ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած այս մրցա­շար­քին պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ նոյն վար­ժա­րա­նի մար­զան­քի ու­սուց­չու­հի­նե­րէն Գա­րօ­լին Մար­մի­կո­նեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ներ­կայ էին Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Որ­դիք Մկրտիչ Փա­փա­զեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Կա­րօ Հա­մամ­ճեան եւ մաս­նա­կից վար­ժա­րան­նե­րու մար­զան­քի ու­սու­ցիչ­նե­րը։ Այս առ­թիւ արտայայտուեցաւ Արփի Մանուկեան, իսկ Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ա­նու­նով Որ­դիք Մկրտիչ Փա­փա­զեան յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց Կա­րօ Հա­մամ­ճեա­նին, որն ալ իր հեր­թին վեր­յի­շեց հան­գու­ցեալ Ա­լեք­սան Տա­տեա­նին հետ ու­նե­ցած յու­շե­րը։ Ա­լեք­սան Տա­տեա­նի հա­րա­զատ­նե­րուն ալ ներ­կա­յու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը, ո­րու տե­ւո­ղու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ի­րենց ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին նաեւ Տքթ. Վարդ­գէս Պէյ­լէ­րեա­նին, որ այս մրցա­շար­քի ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան գծով պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նած էր սի­րա­յօ­ժար ձե­ւով։

Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ նկա­րա­հա­նում եւ բո­լո­րը հրա­ժեշտ ա­ռին զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­լով ջեր­մօ­րէն։

 

 

Շաբաթ, Մայիս 23, 2015