Շաբաթ 15, Մարտ 2025
ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կարպիս Շիմշէքն ու Սարօ Սիրականեանը, որոնք փութացած էին մեզի ներկայացնելու համար թատերական ծրագիր մը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք յայտնեցին, որ նորաստեղծ «Արփի» թատերախումբը յառաջիկայ շրջանին պիտի իրականացնէ ներկայացումներու շարք մը։ Թատերաբեմը մեր գեղարուեստասէրներուն համար պիտի բեմադրէ նշանաւոր «Չարշըլը Արթին աղա»ն։ Ծրագրին բեմադրիչն է Շահին Էրկիւնէյ։
Ներկայացումները նախատեսուած են Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։
Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018