ԶՐՈՅՑ՝ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Յառաջիկային նախատեսուած է եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը եւ թաղականները փափաքած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալ՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ քաղեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան մասին։ Ան բարձր գնահատեց՝ այժմ հայաթափուած այս պատմական թաղի գողտրիկ եկեղեցւոյ կանթեղի վառ պահման ուղղեալ տարուած աշխատանքը։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներուն փոխանցեց օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Հինգշաբթի, Մայիս 23, 2024