ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ «ՄԱԿ»Ի ԺՈՂՈՎԻՆ
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ Քոլին Քայըքճըօղլու, Ռոպէրթ Սէրտար Շահին, Լինա Չավտար, Նաթան Սիւսլիւ, Հելին Մուրատեան, Մասիս Տէմիրէլ եւ Այգ Թուրաչ, որոնք կ՚անդամակցին «Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն (ՄԱԿ)-Մանրատիպ» ակումբին, ուղեկցութեամբ իրենց ուսուցչուհիին՝ Սեսիլ Քոճային, 12-16 Յունիս թուականներուն, «Քոչ» համալսարանին մէջ մասնակցեցան «ՄԱԿ-Մանրատիպ»ի անգլերէնով կայացած ընդհանուր ժողովին։ Այս խորհրդաժողովը ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովներուն մանրանկարն էր, որու ժամանակ իւրաքանչիւր աշակերտ, միջազգային ասպարէզի վրայ գործող դիւանագէտի դեր ստանձնելով, փորձեց լուծել համաշխարհային խնդիրները։ Այսպէսով անոնք կրցան թէ՛ իրենց լեզ-ւական կարողութիւնները գործածել եւ թէ աշխարհի վերաբերեալ իրենց գիտելիքները զարգացնել։ Ժողովի տեւողութեան աշակերտները իջեւանեցան «Քոչ» համալսարանի Սարըյէրի կեդրոնական մասնաշէնքին մէջ, ուր փորձառութիւն ալ ձեռք բերին համալսարանական կեանքին մասին։
Քաղաքացիական հասարակութեան յանձնախումբին անդամակցող աշակերտները՝ Քոլին Քայըքճըօղլու, Ռոպէրթ Շահին եւ Նաթան Սիւսլիւ, պատրաստած էին Ափրիկէի կրթական ու տնտեսական կեանքին, ենթակառուցուածքներուն եւ մարդկային իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ օրինագիծ մը, որ ստացաւ յանձնախումբի պատգամաւորներուն քուէներուն մեծամասնութիւնը եւ ուղարկուեցաւ «ՄԱԿ-Մանրատիպ»ի ընդհանուր ժողովին։ Այս օրինագիծին հեղինակը՝ Ռոպէրթ Շահին, փակման հանդիսութեան ընթացքին արժանացաւ Ընտրելագոյն պատգամաւորի մրցանակին։