ԼԵՒՈՆ ԼԱՃԻԿԵԱՆԻ ԳԾԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նէն նկա­րիչ Լե­ւոն Լա­ճի­կեան ե­րէկ ցուցա­հան­դէս մը բա­ցաւ Գնա­լը կղզիի մէջ։ Սա իր տաս­նե­րորդ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէսն է, ո­րու շրջագծով գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուած են ե­րե­սուն գծան­կար­ներ, ո­րոնց­մէ տա­սը կը ցո­լաց­նեն Գնա­լը կղզիի վե­րա­բե­րեալ դրուագ­ներ։

Լե­ւոն Լա­ճի­կեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ «Ճաշ»ի, «Փա­րոս»ի եւ «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր»ի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Ճա­շա­րա­նի եր­դի­քին տակ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ապ­րուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուին ձեռ­նար­կին նկատ­մամբ, ո­րու ըն­թաց­քին ար­տա­յայ­տուե­ցան «Փա­րոս»ի խմբա­գիր Մայ­տա Սա­րիս եւ Լե­ւոն Լա­ճի­կեան։ Ներ­կայ էին նաեւ «Ճաշ»ի սե­փա­կա­նա­տէր Տայք Մի­րի­ճա­նեան եւ «Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր»ի ներկա­յա­ցու­ցիչ Թա­մար Նալ­ճը։ Իր սրտի խօս­քին մէջ Լե­ւոն Լա­ճի­կեան նշեց, թէ Պո­լի­սը սրտա­մօ­տիկ քա­ղաք մըն է, իսկ Գնա­լը կղզին պատ­մա­կա­նօ­րէն կա­րեւոր տեղ մը ու­նի հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ։

«Հե­ռա­ւոր ու մօ­տիկ Իս­թան­պուլ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Օ­գոս­տո­սի 1-ը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 23, 2015