Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ԱԳ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԿՈՂՄԷ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԾԵՐԱՆՈՑԸ
Ծերերու շաբթուան առթիւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց այցելեցին ԱԳ կուսակցութեան Պաքըրգիւղի շրջանային վարչութեան նախագահ Այսուն Չելիքլէր, փոխ-նախագահներ Մեհմէտ Զէքի Կիւնտողտու, Եշիմ Մերթէր, վարչութեան անդամներ Արամ Տէմիր, Միւնիր Էրէն, հաշմանդամներու բաժնի վարիչ Շեպնէմ Պարըշ։ Անոնք նախ զրուցեցին Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի, բժշկապետ Արտաշէս Ագտաղի, ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի հետ։ Հիւրերը ապա առաջնորդուեցան ծերանոցի բաժինները, ուր անոնք նուէրներ բաժնեցին մնայուն բնակիչներուն, իրենց մաղթելով քաջառողջութիւն։
Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015