ԱԼՃԱՆԻ ԵՒ ԱՎՃԸԻ ԵՐԷԿ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ԶՐՈՅՑԸ ՏԵՂԻ ՉՈՒՆԵՑԱՒ

Հա­մայն­քա­յին վա­գըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րուած էր, թէ Վագ­ըֆնե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան ե­րէկ հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նար Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րար Նա­պի Ավ­ճըի հետ։ Այս ա­ռա­ւօտ հե­ռա­ձայ­նա­յին տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցանք Թո­րոս Ալ­ճա­նի հետ, որ մե­զի յայտ­նեց, թէ այդ տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի չէ ու­նե­ցած՝ վեր­ջին պա­հուն յա­ռա­ջա­ցած հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով։ Ար­դա­րեւ, Չան­քա­յա­յի նախ­կին նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րան­քի կա­ռա­վա­րու­թեան փո­խանցուե­լէն վերջ՝ ե­րէկ այն­տեղ ա­ռա­ջին ան­գամ գու­մա­րուե­ցաւ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին նիս­տը, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Նա­խա­րար Նա­պի Ավ­ճը պի­տի չկա­րե­նար բա­ցա­կա­յիլ այդ ժո­ղո­վէն, հե­տե­ւա­բար Թո­րոս Ալ­ճա­նի հետ նա­խա­տե­սուած ժա­մադ­րու­թիւ­նը ջնջուե­ցաւ։ 
Թէեւ Նա­պի Ավ­ճըի հետ ծրագ­րուած զրոյ­ցը յայ­տա­րա­րուե­ցաւ չե­ղեալ, սա­կայն, ըստ Թո­րոս Ալ­ճա­նի կող­մէ մե­զի փո­խան­ցուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, այդ տե­սակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ ար­ծար­ծուե­լիք հար­ցե­րուն լուծ­ման ճա­նա­պար­հի վեր­ջին օ­րե­րուն ար­ձա­նագ­րուե­ցան կա­րե­ւոր զար­գա­ցում­ներ։ VADİP-ի վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին մտա­հո­գու­թեամբ շեշ­տուած էր, թէ Վա­գըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան քննիչ­նե­րուն կող­մէ վեր­ջերս պատ­րաս­տուած տե­ղե­կա­գիր­նե­րը կ՚ու­րուագ­ծէին շարք մը ան­հանգս­տա­ցու­ցիչ վար­կած­նե­րու հե­ռան­կա­րը։ Հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­ներ յա­ճա­խող ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րուն պար­բե­րա­կան բնոյ­թը հա­շուի առ­նե­լով քննիչ­նե­րը պատ­րաս­տած էին տե­ղե­կա­գիր մը, ո­րու մէջ կը յան­գէին նաեւ այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ փոք­րա­մաս­նու­թեանց վար­ժա­րան­նե­րը պէտք է դա­սուին տնտե­սա­կան ձեռ­նար­կի (İktisadi İşletme) կար­գա­վի­ճա­կով։ 
Թո­րոս Ալ­ճա­նի խօս­քե­րով, Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի վեր­ջին ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին այս նիւ­թը դրուե­ցաւ քննարկ­ման։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ օ­րա­կար­գի վրայ չէր նա­խա­տե­սուած, Վա­գըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ սոյն խնդի­րը յանձ­նեց ժո­ղո­վա­կան­նե­րու նկա­տառ­ման։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Վա­գըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան են­թա­կայ քննիչ­նե­րը պատ­րաս­տած էին այդ տե­ղե­կա­գիր­նե­րը, խոր­հուր­դը բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րով հա­շուի ա­ռաւ նիւ­թը։ Թէ՛ ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նը եւ թէ ի­րա­ւա­բան մաս­նա­գէտ­նե­րը ար­տա­յայ­տե­ցին այն հա­մո­զու­մը, թէ ծնող­նե­րու կող­մէ կա­տա­րուած նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րուն պար­բե­րա­կան բնոյ­թը չի կրնար ստուեր ա­ծել մեր վար­ժա­րան­նե­րու հիմ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կին վրայ՝ որ­պէս բա­րեն­պա­տակ հաս­տա­տու­թիւն։ Ա­ւե­լի՛ն, ժո­ղո­վա­կան­նե­րը հա­շուի ա­ռած են նաեւ Լո­զա­նի դաշ­նագ­րի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար սահ­մա­նուած ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը։ Թո­րոս Ալ­ճան կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց Ատ­նան Էր­թէ­մի դրա­կան մօ­տեց­մամբ ու­նե­ցած կա­րե­ւոր ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, կրթա­կան հա­մա­կար­գէն ներս թէեւ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վար­ժա­րան­նե­րը կը դա­սուին «մաս­նա­ւոր», բայց եւ այն­պէս այդ հան­գա­ման­քը չի դադ­րեց­ներ ա­նոնց բա­րեն­պա­տակ գոր­ծու­նէու­թեան հե­տա­մուտ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը։ Փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն «մաս­նա­ւոր» կար­գա­վի­ճա­կը չի նշա­նա­կեր, որ ա­նոնք հա­սու­թա­բեր ձեռ­նարկ­ներ են։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Թո­րոս Ալ­ճան գո­հու­նա­կու­թեամբ մատ­նան­շեց, թէ VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ար­ծար­ծուած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն պատ­ճառ դար­ձած հան­գա­մանք­նե­րը գրե­թէ յաղ­թա­հա­րուած են։ Թէեւ խու­ճա­պի մատ­նուե­լու կա­րի­քը չկայ, սա­կայն ան հա­մո­զուած է, թէ մեր վար­ժա­րան­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը այս նիւ­թին շուրջ պէտք է պատ­րաս­տու­թիւն տես­նեն։ Ո­րով­հե­տեւ, մեր վա­գըֆ­նե­րուն ա­ղեր­սը դպրոց­նե­րու պա­րա­գա­յին սահ­մա­նա­փա­կուած չէ միայն Վա­գըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան հետ։ Հե­տե­ւա­բար, Ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ Ելմ­տա­կան նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ կրնան ա­պա­գա­յին փոք­րա­մաս­նա­կան դպրոց­նե­րէն ներս քննու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նել եւ այս խնդի­րը կրնայ ու­նե­նալ զա­նա­զան դրսե­ւո­րում­ներ։ Հե­տե­ւա­բար, այդ ե­րեք օ­ղակ­նե­րուն ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք մը պէտք է տա­րուի, փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն կող­մէ հա­մա­տեղ մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը պէտք է յանձ­նուի ա­նոնց նկա­տառ­ման։ Թո­րոս Ալ­ճան ա­ւել­ցուց, որ այս անհ­րա­ժեշ­տու­թեան լոյ­սին տակ ար­դէն հա­մա­կար­գուած ձե­ւով խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն VADİP-ի կրթա­կան ու ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բե­րը։ 
ՅԵ­ՏԱՁ­ԳՈՒՄ
Միւս կող­մէ, Թո­րոս Ալ­ճա­նի հետ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցանք, որ Գալ­ֆաեան Տան եւ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեանց մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղեալ ար­ձա­նագր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ս. Զա­տի­կէն վերջ։ Թէեւ VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րուած էր, թէ այս Հինգ­շաբ­թի՝ Մար­տի 26-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նար հա­ւա­քոյ­թը, սա­կայն այդ թուա­կա­նին զու­գա­դի­պած է հրեայ հա­մայն­քի Է­տիր­նէի վե­րա­նո­րո­գեալ սի­նա­կո­կի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այ­լեւս կը մաս­նակ­ցին ի­րա­րու սրբա­վայ­րե­րու ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն՝ Թո­րոս Ալ­ճան յայտ­նեց, թէ այդ ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը յե­տաձ­գուած է Ս. Զատ­կուան տօ­նին յա­ջոր­դե­լիք Հինգ­շաբ­թի օ­րուան՝ Ապ­րի­լի 9-ին։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015