ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հին ե­րէկ այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան։ Գում­գա­բուի մէջ, կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն ան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ ող­ջու­նեց կու­սա­կա­լին այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Պատ­րիար­քա­րա­նի պատ­մա­կան շէն­քի եր­դի­քին տակ զին­քը հիւ­րա­սի­րե­լու ա­ռի­թին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Կու­սա­կալ Շա­հին, որ ա­ռա­ջին ան­գամ կ՚այ­ցե­լէր Պատ­րիար­քա­րան, ը­սաւ՝ որ փա­փա­քած էր փո­խա­դար­ձել Նո­րին Սրբազ­նու­թեան քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թեան, որ տե­ղի ու­նե­ցած էր իր նոր նշա­նա­կուած շրջա­նին։ Թուր­քիոյ հա­յոց հո­գե­ւոր կեդ­րո­նին մէջ գտնուե­լու ա­ռի­թը կա­րե­ւո­րե­լով՝ կու­սա­կա­լը հե­տաքրք­րուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի գոր­ծու­նէու­թեան եւ պատ­մու­թեան հետ։ 
Ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­քին էին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի ա­տե­նադ­պիր Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան փոխ-ա­տե­նա­պետ Հեր­ման Պա­լեան, Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խո­րուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր, Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ եկե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ե­սա­յի Տէ­միր, Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տու­հի Մո­նիք Եր­կա­նեան եւ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Շան­լը։ 
Տե­սակ­ցու­թեան ա­ւար­տին, որ­պէս յի­շա­տակ, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը կուսակալ Վա­սիփ Շա­հի­նին նուի­րեց՝ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի պատ­մու­թեան վե­րա­բե­րեալ յայտ­նի աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, ո­րու հե­ղի­նակն է Ար­սէն Եար­ման։ 

Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2015