ԳՈՄՔԻ ՎԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՔԱՅԼԵՐ

Սա­սուն գտնուող 1500-ա­մեայ պատ­մու­թեան տէր Գոմքի Ս. Պետ­րոս վա­նա­կան հա­մա­լի­րը ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ պե­տա­կա­նօ­րէն։ Ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուց Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Տիար­պա­քը­րի Մշա­կոյ­թի եւ բնա­կան ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման տա­րած­քա­յին կեդ­րո­նը։ Տա­րած­քը զբօ­սաշր­ջու­թեան ա­ռու­մով ա­ւե­լի գրա­ւիչ դարձ­նե­լու նպա­տա­կով ո­րո­շուե­ցաւ վե­րա­կանգ­նել ե­կե­ղե­ցին եւ յա­րա­կից հայ­կա­կան գե­րեզ­ման­նո­ցը։ 305 սե­նեա­կէ բաղ­կա­ցած վա­նա­կան հա­մա­լի­րը վեր­ջին շրջա­նին տե­ղա­ցի­նե­րու կող­մէ կ՚օգ­տա­գոր­ծուէր որ­պէս ա­խոռ։ Կա­ռոյ­ցը լե­ցուած էր աղ­բով։ Վա­նա­կան հա­մա­լի­րի հա­մար տա­րի­ներ շա­րու­նակ պայ­քար մղող Սա­սու­նի, Պիթ­լի­սի, Մու­շի, Վա­նի եւ Պոլ­սոյ հա­յե­րու ըն­կե­րա­յին օգ­նու­թեան, հա­մե­րաշ­խու­թեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան ղե­կա­վար Ա­զիզ Տաղ­ճը յայ­տա­րա­րեց, թէ ի­րենք պի­տի շա­րու­նա­կեն պայ­քա­րը հա­յե­րուն պատ­կա­նող պատ­մա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ, վա­նա­կան հա­մա­լի­րի եւ յա­րա­կից բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն հա­մար։

 

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2015