ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ

Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցեցան «Oxford University Press»ի կողմէ կազմակերպուած՝ ծրագիրներու միջազգային մրցակցութեան մը, որու արդիւնքով արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւն։ «Ինչպիսի՞ ակումբ մը կ՚երեւակայէք դպրոցէն վերջ» նիւթով կազմակերպուած մրցոյթին մասնակցեցան դպրոցի աշակերտներէն Հերա Արսլան, Մելանի Քուշ եւ Էվին Սեչքին, որոնք առաջնութիւն նուաճեցին իրենց ներկայացուցած ծրագիրով։ Դպրոցի անգլերէնի ուսուցչուհի Սօնա Արթան վերահսկեց աշակերտները, որոնք իրենց ներկայացուցած ծրագիրով փայլուն հանդէս եկան թէ՛ անգլերէնի մակարդակի եւ թէ երեւակայական կարողութիւններու առումով։

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2024