«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՏԱՆՋՈՒՈՂՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ ԿԸ ԴԱՍՈՒԻ ԱՌԱՋԻՆՆԵՐԷՆ»
Երէկ, Ապրիլի 24-ի առթիւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հայոց սրբադասեալ նահատակները յիշատակուեցան այս արարողութեան ընթացքին ու միեւնոյն ժամանակ հոգեհանգստեան պաշտօն մը կատարուեցաւ 1915-ի շրջանի բոլոր զոհերուն համար։
Օրուան պատարագիչն էր Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ներկայ էին Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։ Ներկայ էին նաեւ Սեւ ծովեան համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան՝ իրենց տիկիններուն հետ։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները՝ հոծ թիւով հաւատացեալներու առընթեր։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան եւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեան։
Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին հայոց սուրբ նահատակները յիշատակուեցան՝ բարեխօսութեան հայցով։ Իսկ Ս. Պատարագին յաջորդած հոգեհանգստեան պաշտօնի ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ այն բոլոր զոհերուն համար, որոնք չեն սրբադասուած։
Օրուան պատգամին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ մարդկային կեանքի մէջ ցաւերը կը թեթեւնան՝ եթէ հնարաւորութիւն ըլլայ այդ ցաւը բաժնել։ Այս տեսանկիւնէն Նորին Սրբազնութիւնը կարեւորեց այն հանգամանքը, որ վերջին տարիներուն Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ցաւակից կ՚ըլլայ մեր երկրի հայութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը հետեւութիւններ ըրաւ Տէր Յիսուսի խօսքերուն հիման վրայ, թէ այս աշխարհը լի է տանջանքներով ու տառապանքներով։ Թէեւ մարդիկ չեն փափաքիր, որ այդպէս կեանք մը ապրին, սակայն նախախնամական տնօրինութիւնը այդպէս է։ «Կեանքի մէջ, մենք ուզենք կամ ոչ, կան նեղ ու դժուար ճամբաներ, կան տանջանքներ, հայ ժողովուրդը տանջուողներու շարքին առաջիններէն է», ըսաւ ընդհանուր փոխանորդը։
Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ մը։