«ԵՕԹ ՏԱՐԲԵՐ ՀԱՅԵԱՑՔ»ՈՎ ԽՕՍՈՒՆ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ երէկ յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ։ Այսպէս, թաղի Թարգմանչաց վարժարանի լուսանկարչութեան ակումբին ջանքերով պատրաստուած՝ «Եօթ տարբեր հայեացք» խորագրեալ ցուցահանդէսին բացումը արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։ Ձեռնարկի ծիրէն ներս ներկայացուած էին՝ Արտա Մելքոնեանի, Առէն Թորունօղլուի, Արի Մասիս Մումի, Արվէն Արիա Այթեքինի, Էմիր Տիւնյա Տեմիրի, Սեսիլիա Սարա Մենթեշէի եւ Շահէն Պալճըօղլուի նկարահանած դրուագները։ Վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին, ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներ, լուսանկարչութեան ակումբի պատասխանատուներ, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր մասնակցեցան ցուցահանդէսի բացման։
Լուսանկարիչ տղաքը արժանացան բոլորի գնահատանքին եւ խրախուսանքին։ Ակումբի պատասխանատուն է Սիւզան Ըշըք։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024