ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԸ

Գան­տիլ­լիի Ս. Եր­կո­տա­սան Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Գէոր­գեա­ն­ այ­ցե­լե­ց ­Պատրիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։ Ան յայտ­նե­ց, որ Ս. Եր­կո­տա­սան Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը այս տա­րի կը զու­գա­դի­պի Շա­բաթ, Յու­լի­սի 4-ին, Ս. Եր­կո­տա­սան Ա­ռա­քե­լոցն Քրիս­տո­սի եւ Պօ­ղո­սի՝ ե­րեք­տա­սա­նե­րորդ Ա­ռա­քե­լոյն տօ­նին։ Սոյն տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ կա­տա­րե­լի կրօ­նա­կան հան­դի­սու­թեանց հա­մար խնդրե­ց ­Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։  Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը սի­րով ըն­դա­ռա­ջեց ե­ղած խնդրան­քին ու կա­րո­ղու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն, ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թեանց մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015