ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց՝ Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեա­նի, այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ ա­տե­նա­պե­տու­թեան պաշ­տօ­նը ստանձ­նած է Մու­րատ Չա­քան։ Ա­նոնք կը շա­րու­նա­կեն թաղի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­պա­գա­յին մա­սին ծրա­գր­եր մշա­կել։ Այս ուղ­ղու­թեամբ սկսած են արդէն տա­րե­կան մատաղօրհնութեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը այս տա­րի պի­տի կա­տա­րուի Դեկ­տեմ­բերի 6-ին, Ա­թո­ռա­նիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ա­պա պի­տի սար­քուի սի­րոյ սե­ղան ի նպաստ Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին։

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց Մու­րատ Չա­քա­նը եւ կա­րո­ղու­թիւն ու յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց թաղականներուն, ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­նուէր եւ կրթա­նուէր գոր­ծու­նէու­թեանց մէջ։

 

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015