ՈՉ ԵՒՍ Է ՏՔԹ. ՀԵՐՄՈՆ ԱՐԱՔՍ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի շատ սի­րուած ու յարգուած մտա­ւո­րա­կան դէմ­քե­րէն մին, որ եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ մար­դա­սի­րու­թեան ու նուի­րու­մի խորհր­դան­շան մը ե­ղած էր պոլ­սա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մօտ։ Ոչ եւս է Տքթ. Հեր­մոն Ա­րաքս. սա իս­կա­պէս մեծ ու ան­փո­խա­րի­նե­լի կո­րուստ մըն է՝ որ­քան որ ալ պա­տա­հած ըլ­լայ յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քի մէջ։ Իր հա­րա­զատ ըն­տա­նի­քին ա­ռըն­թեր, այս մա­հը կը սգայ նաեւ Կեդ­րո­նա­կա­նի ըն­տա­նի­քը, ո­րուն հետ նոյ­նա­ցած ա­նուն մըն էր Տքթ. Հեր­մոն Ա­րաքս։

Եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ Տքթ. Հեր­մոն Ա­րաքս բժշկա­գոր­ծած էր որ­պէս հե­ղի­նա­կա­ւոր սրտա­բան, ներ­քին հի­ւան­դու­թեանց մաս­նա­գէտ։ Բո­լո­րը վստա­հու­թիւն ու հա­մակ­րանք կը տա­ծէին ի­րեն նկատ­մամբ, իսկ իր հա­մես­տու­թիւ­նը եր­բեք չէր մնար համ­բա­ւին շու­քին տակ։

Հա­մայն­քա­յին իր գոր­ծու­նէու­թիւնն ալ ե­ղած էր բազ­մա­կող­մա­նի։ Ըլ­լա­լով Կեդ­րո­նա­կա­նի սան, եր­բեք իր կա­պը չէր խզած վար­ժա­րա­նին ու սա­նուց միու­թեան հետ, «Հան­դէս մշա­կոյ­թի»ին բե­րած վիթ­խա­րի ներդ­րու­մով հան­դերձ։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Տքթ. Հեր­մոն Ա­րաքս մտա­ւոր իր ար­տադ­րու­թիւ­նը ի սպաս կը դնէր մեր մա­մու­լին հա­մար եւ ան­ցեա­լի մէջ աշ­խա­տակ­ցած էր նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թին։

Այս դառն կո­րուս­տին առ­թիւ մեր խո­նար­հու­մը կը բե­րենք Տքթ. Հեր­մոն Ա­րաք­սի ազ­նիւ յի­շա­տա­կին առ­ջեւ, կը ցա­ւակ­ցինք այ­րիին՝ վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշակ Ռի­թա Ա­րաք­սին, որդ­ւոյն՝ Րաֆ­ֆի Ա­րաք­սին, Կեդ­րո­նա­կա­նի ըն­տա­նի­քին եւ իր բո­լոր սի­րե­լի­նե­րուն։

 

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2015