ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԼԵՒՈՆ ԿՍՐԿ. ՔԻՐԷՄԻՏՃԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Պէ­յօղ­լուի Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տեղի ու­նե­ցաւ նո­րոգ հան­գու­ցեալ Լե­ւոն Կի­սա­սար­կա­ւագ Քի­րէ­միտ­ճեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ծա­նօթ է, որ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ այս հա­մակ­րե­լի ու վաս­տա­կա­շատ սպա­սա­ւո­րին ան­ժա­մա­նակ մա­հը վեր­ջին օ­րե­րուն խոր ցաւ յա­ռա­ջա­ցուց հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն մօտ։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ բո­լո­րը փու­թա­ցած էին ի­րենց յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցել հան­գու­ցեա­լին նկատ­մամբ ու բե­րել ի­րենց խո­նար­հու­մը ա­նոր բա­րո­յա­կան ներ­կա­յու­թեան առ­ջեւ, նաեւ վշտակ­ցիլ իր հա­րա­զատ­նե­րուն։

Մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը գրե­թէ ամ­բող­ջա­կան կազ­մով ներ­կայ ե­ղաւ ա­րա­րո­ղու­թեան, գլխա­ւո­րու­թեամբ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի։ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն կող­մէ եւս կա­յին մաս­նա­կից­ներ։

Փա­ռա­շուք ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան, որ կուռ դամ­բանա­կան մըն ալ խօ­սե­լով վեր ա­ռաւ հան­գու­ցեա­լին մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը։

Նման յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ բո­լոր յուղար­կա­ւոր­նե­րը հրա­ժեշտ տուին լու­սա­հո­գի Լե­ւոն Կի­սա­սար­կա­ւագ Քի­րէ­միտ­ճեա­նին, ո­րու մար­մի­նը ամփո­փուե­ցաւ Պա­լըք­լըի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։

Այս տխուր առ­թիւ ան­գամ մը եւս հան­գու­ցեա­լի բարի հոգ­ւոյն կը հայ­ցենք յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիստ ու կը վշտակ­ցինք իր ըն­տա­նի­քին։

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2015