ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլն ու գործակից ընկերները։ Հարկ է նշել, որ 2019 թուականին հրատարակուած էր Գարակէօզեան Տան հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական յուշամատեան մը, որու շնորհանդէսը ցարդ կարելի չէր եղած կազմակերպել՝ մանաւանդ, որ ընթացքին համավարակի երկարատեւ սահմանափակումները խնդրոյ առարկայ դարձած էին։ Այժմ, արդէն յուշամատեանի գինեձօնին համար ճշդուած է թուական մը։ Ձեռնարկին ընդառաջ խնամակալները Պատրիարքարան այցելեցին՝ ստանալու համար Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը։

Զրոյցի ընթացքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը յուշամատեանի հրատարակութեան առթիւ յղեց շնորհաւորութիւններ եւ արտայայտեց իր գնահատանքը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2022