ՄԵՐԻ ՄՈՒՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Տա­ղան­դա­շատ ա­րուես­տա­գէտ Մե­րի Մուն (Հա­յաս­տան) այս օրերուն կը մաս­նակ­ցի «Մա­մութ արթ փրո­ճեքթ 2015» հե­ղի­նա­կա­ւոր ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ կը կա­յա­նայ «Աք­քէօք հոլ­տինկ»ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։

Երրորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած այս ցու­ցա­հան­դէ­սը նպա­տակ ու­նի ա­րուես­տա­սէր ընտրանիին հա­սա­նե­լի դարձ­նել բարձրորակ ա­րուեստ մը։ Դա­տա­կազ­մի մը ընտ­րու­թեամբ կ՚ընտ­րուին ցու­ցան­մոյշ­նե­րը, ո­րոնց հե­ղի­նակ­նե­րը կը հրա­ւի­րուին ուղ­ղա­կիօ­րէն կապ հաս­տա­տե­լու ա­րուես­տա­սէր­նե­րուն հետ։ Այս տա­րուան շուրջ վաթսուն ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու կար­գին կը գտնուի նաեւ Հա­յաս­տա­նէն Մե­րի Մուն, որ վե­րջին տա­րի­նե­րուն իր աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կէ քա­ղա­քիս մէջ՝ ար­ժա­նա­նա­լով ջերմ հա­մակ­րան­քի ու գնա­հա­տան­քի։ Ըն­տրա­նի հա­սա­րա­կու­թեան մը ներ­կա­յու­թիւ­նը կը վա­յե­լէր ե­րէ­կուան բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը, ո­րուն մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն մը ցու­ցա­բե­րե­ցին նաեւ մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րը։ Հարկ է նշել, որ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու շար­քին կա­յին նաեւ մեր հա­մայն­քէն Սէր­տա Արս­լան եւ Ան­նա Թու­րայ։

Մե­րի Մուն ա­ւար­տած է «Փա­նոս Թեր­լե­մե­զեան» ու­սում­նա­րանն ու Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան գե­ղա­րուես­տից ա­կա­դե­միան՝ հիւ­րա­բար հե­տե­ւե­լով նաեւ Քա­սե­լի (Գեր­մա­նիա) ա­կա­դե­միոյ դա­սըն­թացք­նե­րուն։ Ան մաս­նակ­ցած է ազ­գա­յին ու մի­ջազ­գա­յին բազ­մա­թիւ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու, իր գոր­ծե­րը ներ­կա­յաց­նե­լով ան­հա­տա­կան ու հա­ւա­քա­կան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րով։

Մաչքայի «Քիւ­չիւք­ջիֆթ­լիք փարք»ին մէջ կա­յա­ցող այս ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց է մին­չեւ Մար­տի 29-ը։

Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2015