ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խանդավառ հանդէս մը։ Տղաքը այս առթիւ ներկայացուցին իրենց արտադասաժամային գործունէութիւններուն ընթացքին տարած աշխատանքին արդիւնքը։ Հարկ է նշել, որ առաջին անգամ տարուան ընթացքին անոնք մարզական, գեղարուեստական կամ ձեռագործի ծրագրերու հետեւած էին վերահսկողութեամբ Արեւ Կարեանի, Էօզկէ Գահվէճիի եւ Սերքան Շահինի։
Երէկուան հանդէսին ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։ Դպրոցի սրահին մէջ ներկայացուեցան մարզական կամ բեմարուեստի աշխատանքներուն արդիւնքները։ Շէնքին մէջ բացուած էր նաեւ ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած էին տղոց ձեռակերտ ստեղծագործութիւնները։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլոր ներկաները շնորհաւորեցին փոքրիկները։