ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐԻ ՃԱՇ

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ ե­րէկ սար­քուե­ցաւ իֆ­թա­րի ճաշ­կե­րոյթ մը։ Ներ­կայ էին Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քի Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Կա­րա­պետ Փայ­լան, Կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մաս­նա­ւոր վար­ժա­րան­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Էօ­մէր Ֆա­րուք Ել­քէն­ճի, Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թե­նէն Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, Ա­սո­րի Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­րիար­քա­կան փո­խա­նորդ Եու­սուֆ Սաղ, Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն, Հ. Աբրահամ Վրդ. Ֆրատեան, Իս­թան­պու­լի փոխ-կուսա­կալ Եու­սուֆ Զի­յա Քա­րա­ճաեւ, Շիշ­լիի գա­ւա­ռա­պետ Սա­լիհ Ը­շըք, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լու, Խնա­մա­տար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Տքթ. Ար­ման Գա­մար եւ իր ըն­կեր­նե­րը, տնօ­րէ­նու­հի­ներ՝ Ե­ւա Օ­րա­գեան, Էլ­տա Գա­րա­կէօ­զեան ու Քա­թիա Վար­կը, կրթա­կան մշակ­ներ եւ այլ հիւ­րեր։ Այս առ­թիւ ար­տա­յայ­տուե­ցան Գե­րա­պայ­ծա­ռը, Ֆա­րուք Ել­քէն­ճի, Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լու, Ե­ւա Օ­րա­գեան, Եու­սուֆ Սաղ եւ այլք։ Դրա­կան պատ­գամ­ներ փո­խան­ցուե­ցան նաեւ հիւ­րե­րուն կող­մէ, ինչ որ հա­մա­հունչ էր տի­րող հո­գե­ւոր մթնո­լոր­տին։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2015