ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հայաստանէն խումբ մը զբօսաշրջիկներ, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն Պոլիս։ Յետմիջօրէի ժամերուն հիւրերուն ներկայութիւնը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց մեր աշխատանքային երդիքին տակ։

Թրքագէտ Սերկէյ Մանվելեանի կողմէ առաջնորդուած այս խումբը Աւագ շաբթուան ներկայ օրերուն կը ջանայ հաղորդ դառնալ պոլսահայ կեանքին եւ ապրումներուն։ Այս ամբողջին մէջ անոնք վառ հետաքրքրութեան առարկայ դարձուցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը՝ մանաւանդ, որ համացանցի միջոցաւ կանոնաւոր կերպով կը հետեւին անոր հրապարակումներուն։

Թրքագէտ Սերկէյ Մանվելեան, որ այս խումբին ուղեկիցն է, հիւրերուն համար պատրաստած է բազմակողմանի ծրագիր մը, որ իսկապէս ճոխ է եւ առիթ կ՚ընձեռէ տարրական պատկերացում մը կազմելու թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։ Սերկէյ Մանվելեանի առաջնորդած խումբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։

Հանդիպման տեւողութեան շօշափուեցան զանազան նիւթեր՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութենէն սկսեալ, մինչեւ հայ իրականութեան հրատապ օրակարգին ծալքերը։

Խմբագրատունէս հրաժեշտ առնելէ առաջ հիւրերը որպէս յիշատակ ստացան՝ թերթիս հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի «Օրուան մտորումներ» խորագրեալ յօդուածներու ժողովածոն, որ լոյս տեսած է «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2024