ՊՐԱԶԻԼԱՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՆՈՐԱՅՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍ՝ DEPO-Ի ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ
«Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան ենթակայութեան տակ գործող Թոփհանէի DEPO-ի յարկէն ներս շաբաթավերջին շահեկան ասուլիս մը տեղի ունեցաւ պրազիլահայ լուսանկարիչ Նորայր Շահինեանի հետ, որ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն առթիւ այցելեց քաղաքս։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն բացուեցաւ Նորայր Շահինեանի ցուցահանդէսը եւ նոյն շարժառիթով հրատարակուեցաւ իր ստեղծագործութիւններուն ալպոմը՝ «Արաս» հրատարակչատան կողմէ։ Շաբաթավերջին տեղի ունեցած այս ասուլիսը ձեւով մը շնորհանդէսն էր Նորայր Շահինեանի գիրքին։
«Դատարկութեան զօրութիւնը. քարերուն հետ խօսիլ պատմական Հայաստանի մէջ» խորագրեալ հաւաքոյթին ընթացքին Նորայր Շահինեանի հետ զրուցեց «Արաս» հրատարակչութեան ընտանիքէն Միհրան Թովմասեան։ Անգլերէնով կատարուած զրոյց մըն էր այս մէկը, որուն շուտով մասնակից դարձան նաեւ ունկնդիրները, որոնք ուղղեցին հետաքրքրական հարցումներ։
Պրազիլահայ Նորայր Շահինեան ներկայիս կ՚ապրի Սան Փաոլոյի մէջ։ Իր մեծհայրը եղած է Աւետիս Շահինեան, որ ապրած է Հալէպի մէջ։ Շահինեան ընտանիքը պատմական Կիլիկիոյ շրջանին մէջ ունեցած է թեւեր՝ ապրած ըլլալով Մարաշի, Այնթապի, Ուրֆայի, ինչպէս նաեւ Քեսապի մէջ։ 1915-ի շրջանին՝ Շահինեան ընտանիքը հաստատուած է Հալէպ, աւելի վերջ ալ գաղթած՝ Պրազիլիա։
Վերջին տարիներուն Նորայր Շահինեանի մէջ մղում մը յառաջացած է, որպէսզի տեսնէ իր ընտանիքի նախնիներուն ծննդավայրը։ Այս շրջագծով ան որոշած է այցելել Անատոլու, ուր իրականացուցած է զանազան շրջագայութիւններ, որոնց ընթացքին կատարած է նաեւ նկարահանումներ։ Իր ուղեւորութիւնները սահմանափակ չեն մնացած միայն նախնիներու ծննդավայրով, այլ ընդգրկած են նաեւ Անատոլուի երբեմնի հայաբնակ բոլոր շրջանները։ Իսթանպուլէն սկսելով ան իրականացուցած է նկարահանումները, շաբաթավերջի զրոյցի ընթացքին ան իր այդ ճամբորդութիւններուն վերաբերեալ փոխանցեց բազում դրական տպաւորութիւններ, մասնաւորապէս ժողովուրդին դրական վերաբերմունքին կապակցութեամբ։ Նորայր Շահինեան ընդգծեց, թէ այդ վերաբերմունքին շնորհիւ ինքնաբերաբար հարազատութեան զգացում ունեցած է մարդոց նկատմամբ։ Պրազիլահայ լուսանկարիչը անդրադարձաւ նաեւ Ապրիլի 24-ին առթիւ քաղաքիս մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչումներուն վերաբերեալ տպաւորութիւններուն։
Նորայր Շահինեանի մեծհայրը՝ յայտնի լուսանկարիչ Աւետիս Շահինեան 1960-ական թուականներուն այցելած է նաեւ Հայաստան։ Այդ ճամբորդութիւններուն ընթացքին մեծհայր Շահինեանին նկարահանած գործերը եւ այս վերջին շրջանին թոռ Շահինեանին կողմէ կատարուած նկարահանումները DEPO-ին մէջ այցելուներուն ներկայացուեցան հետաքրքրական ձեւաչափի մը մէջ՝ զանազան դրուագներու զուգակցումով։
Նորայր Շահինեան մատնանշեց, թէ վերջին շրջանին ձեռք բերած իր այս ամբողջ փորձառութիւնը կը ջանայ փոխանցել նաեւ Լատինական Ամերիկայի հայութեան։ Արդարեւ, այնտեղ բաւական մեծ քանակութիւն կը կազմեն շառաւիղները այն ընտանիքներուն, որոնց արմատները կը հասնին պատմական Կիլիկիոյ շրջանի քաղաքները։ Իսկ այսօրուան սերունդները բնաւ չեն տեսած այդ տեղերը։
Նորայր Շահինեանի եւ Միհրան Թովմասեանի զրոյցին հետեւեցան «Արաս»ի ընտանիքէն դէմքեր, Սփիւռքէն ժամանած հիւրեր եւ բազմաթիւ հետաքրքիրներ։