Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ՎԱԶԳԷՆ ՊԱՐԸՆԻ ՔՈՅՐԸ ՄԱՀԱՑԱԾ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն դժբախտութիւնը ունեցած է կորսնցնելու իր քոյրը՝ Խաթուն Կիրկինը։ 84 տարեկան հասակին ան մահացած է Մարսէյլի մէջ։ Վերջին շրջաններուն Խաթուն Կիրկին կը տառապէր առողջական խնդիրներէ եւ դժբախտաբար բժշկական խնամքը մնացած է անբաւարար. ան աչքերը փակած է կեանքին։ Յուղարկաւորութիւնը վաղը նախատեսուած է նոյնպէս Մարսէյլի մէջ։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը յայցենք ողբացեալի հոգւոյն, խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք մեր սիրելի բարեկամ Վազգէն Պարընին եւ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն։
Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2015