ՍԱՀԱԿԵԱՆՑԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Սամաթիոյ ընտանիքը յատկանշական շաբաթավերջ մը ապրեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։
Յետմիջօրէին դպրոցի պարտէզին մէջ շարունակուեցաւ շրջանաւարտից օրուան յայտագիրը։ Ներկաներու շարքին էին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան եւ գործակից ընկերները եւ Սամաթիոյ ընտանիքէն բազմաթիւ դէմքեր։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Քրիստին Չեվիրկենի։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Նուրհան Տավուլճեան, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու եւ Սահակեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Ալպերթօ Վեսքէ։ Բաժակի պահուն բոլորը բարեմաղթութիւններ յայտնեցին դպրոցի յարատեւութեան համար։
25-ամեայ, 40-ամեայ եւ 50-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտները ապրեցան բացառիկ ուրախութիւն։ Անոնց յանձնուեցան յուշանուէրներ եւ իւրաքանչիւր յոբելեար դասարանի ներկայացուցիչ սրտի խօսք մը արտասանեց յանուն դասընկերներուն։
Հաւաքը շարունակուեցաւ մտերմիկ զրոյցի մթնոլորտին մէջ։ Սահակեանցիները իրարմէ հրաժեշտ առին՝ յաջորդ տարի վերստին մէկտեղուելու յոյսով ու բարեմաղթանքներով։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024