ՓՈՔՐԻԿՆ ՏԷՐՈՒՆԻ ԿՆՈՒՆՔԸ
Մեր համայնքի երիտասարդ ամոլներէն Ալէն եւ Մելիսա Պաղի սիրասուն որդւոյն՝ փոքրիկն Տէրունի Սուրբ Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը շաբաթավերջին ուրախ մթնոլորտի մը մէջ համախմբեց թրքահայ շրջանակները, որոնք անկեղծօրէն ուրախակից եղան Պաղ եւ Կիւլմէզկիլ ընտանիքներուն։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ փառաշուք արարողութիւնը, որուն իր բարձր ներկայութիւնը բերաւ նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Փոքրիկ Տէրունի կնունքին հանդիսապետեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Կնքահայրն էր Տէր եւ Տիկին Հիւլիա-Պայհան Պաղ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գումգաբուի Գողթան եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբերու համատեղ կազմին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Հարկ է նշել, որ նորոգ մկրտեալ Տէրուն երկրորդ զաւակն է իր ծնողքին։
Արարողութեան աւարտին ընտանեկան ընթրիք մը սարքուեցաւ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ։
Այս ուրախ առթիւ երկար ու երջանիկ կեանք մը կը մաղթենք փոքրիկն Տէրունին, ջերմօրէն շնորհաւորելով իր ծնողքը՝ Ալէն-Մելիսա Պաղ ամոլը։ Մեր խնդակցութիւնները Տէր եւ Տիկին Տիգրան եւ Նատիա Կիւլմէզկիլին, Տէր եւ Տիկին Էֆրիմ եւ Այթէն Պաղին, Տէր եւ Տիկին Ալեքս եւ Հելէն Գարաքէօսէին։ Կը շնորհաւորենք նաեւ կնքահայրը՝ Տէր եւ Տիկին Հիւլիա եւ Պայհան Պաղ ամոլը։