Շաբաթ 1, Մարտ 2025
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՔԷՐՄԷՍ
Ամանորի սեմին Գատըգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբը Գատըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ կազմակերպեց այս ձեռնարկը, որու մասնակից թաղեցիները բաժնեցին տօնական շրջանի հրճուանքը։ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետուհի Մելինէ Քըլըչսորալի եւ իր ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած տաղաւարներուն վրայ այցելուները գտան ամանորեան շրջանի բնորոշ իրեղէններ եւ այլ ձեռագործներ։
Քէրմէսի հիւրերու շարքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, որոնք գնահատեցին կազմակերպիչներուն աշխատանքը եւ բարեմաղթութիւններ յղեցին Ամանորի առթիւ։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2016