ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՄԷՋ ԱՌՏՆԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ, Ս. Զատկի տօնին առթիւ վերջերս Սեբաստիա այցելեցին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Սեբաստիոյ մէջ անոնք դիմաւորուեցան Երուանդ Մղտըսըի կողմէ։ Շրջանի հաւատացեալները հոգեւոր մեծ բաւարարութեամբ հետեւեցան Մղտըսը ընտանիքի բնակարանին մէջ մատուցուած առտնին Ս. Պատարագին, ձեռամբ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Տէր Հայրը կատարեց Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները։ Պատարագիչ Հայր Սուրբը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Արարողութեան աւարտին ներկաները համախմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ։ Ողջոյնի խօսքով մը Տէր Հայրը շնորհաւորեց շրջանի հայ հաւատացեալներուն Ս. Զատիկը։
Ս. Պատարագէն օր մը վերջ այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ Սեբաստիոյ գերեզմանատունը։ Հայր Սուրբն ու Տէր Հայրը կատարեցին Անդաստան եւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հանգուցեալ սեբաստահայերու հոգւոցն ի հանգիստ։
Հոգեւոր հայրերը այցելեցին նաեւ քաղաքի տարեց հայերէն մէկուն բնակարանը, ուր անոր մատակարարեցին Ս. Հաղորդութիւն։
Տօնակատարութիւններուն մասնակիցները երախտագիտութիւն եւ սէր արտայայտեցին Պատրիարքական Աթոռին նկատմամբ՝ հոգատար վերաբերմունքին համար։