ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին փայլուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ «Կարէն Տէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի բեմին վրայ «Մարալ» ողջունելի ձեռքբերում մը ունեցաւ՝ բաւական ճոխ յայտագրով մը ներկայանալով հանդիսատեսներուն։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով իրականացաւ այս ձեռնարկը։ Նախարարութեան կողմէ հովանաւորուած «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնին շրջա-գըծով տեղի ունեցաւ «Մարալ»ի Երեւանի ելոյթը։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի մէջ իսթանպուլահայ համայնքի օրերուն ծիրին մաս կազմեց «Մարալ»ի ելոյթը, որուն պատուոյ հիւրն էր Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Բաց աստի, Սփիւռքի նախարարութենէն բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ներկայ գտնուեցան եզակի երեկոյթին, որու բոլոր մասնակիցները ունեցան իսկապէս անմոռանալի ապրումներ։ Պարուսոյցներ՝ Իրիս եւ Կարպիս Չափքան ամոլին, ինչպէս նաեւ Սարէմ Քիւլէկէչ Շէշէթեանի վերահսկողութեան ներքեւ «Մարալ»ի տղաքը լուրջ աշխատանքով մը պատրաստուած էին Երեւանի այս ձեռնարկին, որ պսակուեցաւ կատարեալ յաջողութեամբ։
Թէ՛ տեղացի եւ թէ Սփիւռքէն մեկնած հանդիսատեսները գրեթէ ամբողջութեամբ լեցուցած էին դահլիճը։ Ծանօթ է, որ «Մարալ» վերջին տարիներուն կը համագործակցի Հայաստանէն նուագախումբի մը հետ, որու գեղարուեստական ղեկավարն է Հայկ Խաչատրեան։ Ընդհանրապէս, Իսթանպուլի ձեռնարկներու պարագային «Մարալ»ի նուագախումբը կու գայ քաղաքս, իսկ այս անգամ արդէն ապրուեցաւ ճիշդ հակառակը։ «Մարալ»ի տղաքը մեկնեցան Երեւան, ուր իրենց միացան նուագախումբի անդամները։ Ինչպէս պարերուն, այնպէս ալ երաժշտութեան որակին տեսանկիւնէն անանտեսելի ելոյթ մըն էր այս մէկը, որու սկիզբին արտայայտուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան։ Իսկ ձեռնարկի վերջաւորութեան շնորհաւորութեան ու գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, որ ջերմ արտայայտութիւններով հիւսեց «Մարալ»ի ընտանիքին դրուատիքը։ Հրանոյշ Յակոբեան եզրափակիչ փուլին Կարպիս Չափքանը պարգեւատրեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլով։ Փոխադարձաբար, Մարիամ Տրամէրեանն ալ նախարարին յանձնեց յուշանուէր մը։