ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան հանդիսութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։ Մատակարար մարմնի ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուր եւ իր գործակիցները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ ու տնօրէն Գարեգին Պարսամեան, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ այլ հիւրեր մասնակցեցան այս հաւաքոյթին։ Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Ասլին Տիշճիի հանդիսավարութեամբ։ Տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան Զէքիեան Գերապայծառ եւ Գարեգին Պարսամեան։
Յաջորդող ընդունելութեան ընթացքին բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։