ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏՈՎ ՆԱԽԱՃԱՇ
Սեբաստահայերու եւ համակիրներու միութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախաճաշ մը, որու մասնակիցները առաւօտուն նախ Ս. Պատարագի մասնակցեցան Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Երեւման Ս. Խաչի տօնին զուգադիպած հաւաքը առիթ դարձաւ արտասովոր ոգեւորութեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Թադէոս Քարափեքմեզի։
Կիրակնօրեայ պաշտամունքէն յետոյ, «Նարեկեան» սրահին մէջ հայր սուրբը օրհնեց նախաճաշի սեղանը։ Ներկայ էին նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ։ Արմատներով Սեբաստիայէն բազմաթիւ ազգայիններ ուրախութիւնը ապրեցան՝ ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ համախմբուելու։ Հաճելի զուգադիպութեամբ այս սիրոյ սեղանին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Աւստրալիայէն նախկին պոլսահայ Պետրոս Զօրլու, որ Սիտնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի բազմավաստակ ատենապետն է։
Թրքահայ կեանք
- 12/02/2024