ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԸ
«Հայճառ»ի նախաձեռնութեամբ, երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գիտական քննարկում մը։ Շահեկան երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու օրակարգին վրայ կը գտնուէր հետաքրքրական նիւթ մը՝ հիւլէական ուժանիւթը։ Ձեռնարկի ատենախօսն էր Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարանի Ուժանիւթի կաճառէն Սեւան Կարապետօղլու։
Կոկիկ թիւով հետաքրքիրներ մասնակցեցան այս հաւաքոյթին, որու բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ «Հայճառ»ի վարչութեան ատենապետ Ժան Կավրիլօֆ։ Աւելի վերջ Սեւան Կարապետօղլու հիւլէական ուժանիւթին անդրադարձաւ դրական ու բացասական երեսակներով։ Ան մատչելի ձեւով բացատրեց հիմնարար սահմանումները, աթոմի կառուցուածքը եւ նիւթին զանազան երեսակները։ Այս ամբողջին մէջ Սեւան Կարապետօղլու մասնաւորապէս անդրադարձաւ աթոմակայաններուն եւ առօրեայի մէջ հիւլէական ուժանիւթի օգտագործման։
Ելոյթի աւարտին Սեւան Կարապետօղլու պատասխանեց նաեւ ունկնդիրներու բազմաթիւ հարցումներուն։