ՄԱՐԱԼ ԱՅՎԱԶԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳԸ
Մեներգչուհի Մարալ Այվազ երէկ երեկոյեան համերգով մը հանդէս եկաւ Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, ուր ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Մարալ Այվազ հերթական անգամ համախմբեց իր համակիրներն ու հայ երգի սիրահարները, որոնք խանդավառ ապրումներ ունեցան։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրերն էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան, որուն ընկերացաւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան։ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր եւ հոծ թիւով համայնքային վարիչներ ալ մասնակցեցան այս երաժշտական խնջոյքին։
Յայտագրի ընթացքին Մարալ Այվազին ընկերացաւ «Առագաստ» նուագախումբը։ Բոլորը մեծ հաճոյքով ըմբոշխնեցին մեներգչուհիի կատարողական վարպետութիւնը։ Բոլորի դրական տպաւորութիւններու վառ արտայայտութիւնը հանդիսացան՝ համերգի աւարտին հնչած բուռն ծափահարութիւնները՝ մինչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ գնահատեց Մարալ Այվազի արձանագրած յաջողութիւնը։ (Համագործակցութեան համար շնորհակալութիւն՝ «Լոյս մետիա»ին)