Տ. ՆԵՐՍԵՀ ՎՐԴ. ԽԱԼԱԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեան, որ այս օրերուն իր ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսին առթիւ քաղաքիս մէջ կը գտնուի, երէկ հիւրընկալուեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, իր ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր ի նպաստ Գալֆաեան տան եւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։ Ուստի, «Զօրակցութեան ոգի» խորագրեալ ձեռնարկին առթիւ քաղաքիս մէջ կեցութեան առիթէն օգտուելով՝ հայր սուրբը այցելեց Թոփգաբուի վարժարանը, ուր դիմաւորուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան արուեստագէտ հոգեւորականը ընդունեցին իրենց գործակիցներուն հետ։ Աշակերտներն ալ խանդավառութեամբ շրջապատեցին հայր սուրբը, որ բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնները։
Ի յիշատակ այս այցելութեան եւ առ ի շնորհակալութիւն զօրակցութեան՝ Տ. Ներսեհ Վրդ. Խալաթեանին յանձնուեցան նաեւ յուշանուէրներ։