ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՇԷՆՔԸ ԳՐԵԹԷ ՊԱՏՐԱՍՏ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Այս­պէս, Գում­գա­բու փու­թա­ցին Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տէ­միր, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ եւ նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի Հեր­մի­նէ Պէն­լիօղ­լու։ 

Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ թա­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նոր շէն­քի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ար­դէն իսկ թե­ւա­կո­խած են ա­ւարտ­ման հանգ­րուա­նը։ Ի­րա­կա­նա­ցուած աշ­խա­տան­քի ծա­ւալ­նե­րուն մա­սին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լէ վերջ՝ Պա­քըր­գիւ­ղի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հրա­ւի­րե­ցին մաս­նակ­ցիլ պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի վե­րա­մու­տին՝ Սեպ­տեմ­բե­րի 14-ին։ Պա­քըր­գիւ­ղի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ խնդրանք ներ­կա­յա­ցու­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին՝ որ­պէս­զի սոյն բաց­ման հան­դի­սու­թեան հա­մար մաս­նակ­ցու­թիւն ա­պա­հո­վուի նաեւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ։ 
Վար­ժա­րա­նի նոր շէն­քի կա­ռուց­ման ծախ­սե­րուն կա­րե­ւոր տո­կո­սը դի­մագ­րա­ւուած են բա­րե­րար­նե­րուն կող­մէ, թա­ղա­յին խոր­հուրդն ալ ներդ­րած է գեր­մարդ­կա­յին ջան­քե­րով ա­պա­հո­վուած մի­ջոց­ներ։ Ծա­նօթ է, որ այս ծրա­գի­րը սկսած էր Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ 
Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նոր շէն­քի կա­ռուց­ման ծրագ­րի ի կա­տար ած­ման ա­ռըն­չու­թեամբ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շեշ­տեց, թէ սա կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը կը հա­մա­րուի իս­թան­պու­լա­հայ կրթա­կան հա­մա­կար­գին տե­սա­կէ­տէ։ Գնա­հա­տե­լով վեր­ջին դրա­կան զար­գա­ցում­նե­րը՝ ան իր օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցեց Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղեց յա­ռա­ջի­կայ աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար՝ մա­նա­ւանդ դպրո­ցի նոր շէն­քի ար­ժե­ւոր­ման, կա­տա­րուած ներդ­րում­նե­րու ար­դիւ­նա­ւոր­ման ճա­նա­պար­հին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015