ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ
2015-2016 կրթական շրջանի առաջին զանգը երէկ հնչեց պոլսահայ մեր կրթօճախներուն մէջ՝ ստեղծելով մեծ ոգեւորութիւն։ Վերամուտի ցնծութիւնը լիուլի ապրուեցաւ մեր դպրոցներէն ներս։ Այս տարի նոր կրթական շրջանի սկիզբին մեր համայնքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին վրայ, որու նոր շէնքը բացուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Պաքըրգիւղի ընտանիքը նորակառոյց շէնքի մը ձեռքբերումով ողջունեց նոր կրթական շրջանին սկիզբը, իսկապէս տօնական տրամադրութեամբ։
Այս տարի 391 աշակերտ ունի Տատեան վարժարանը, որ թեւակոխած էր 171-րդ տարին։ Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրվանճեանի եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանի մասնակցութեամբ եւ աղօթքներով իրականացաւ վերամուտի հանդէսը, որու ընթացքին հատուեցաւ խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը։ Ռենա Էօզտէմիրի հանդիսավարութեամբ գործադրուած յայտագրին ընթացքին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր եւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ։ Ներկայ էին նաեւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արսէն Արշըք, նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պէնլիօղլու, թաղային խորհուրդի անդամները, թաղի յարակից մարմիններուն ներկայացուցիչները եւ շինարարութեան աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերած կամ նպաստած զանազան դէմքեր։
Վերամուտի եւ բացման հանդիսութեան համատեղումով ստեղծուած աննախընթաց մթնոլորտին մէջ կատարուեցաւ պարքովիզիոնի ցուցադրութիւն մը, որով բոլորին յիշողութիւնը թարմացաւ շինարարութեան հանգրուաններուն եւ վերջին տարիներու բարդ գործընթացին շուրջ։ Տատեանցի աշակերտներն ալ հանդէս եկան զանազան ելոյթներով։ Այսպէս, պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի սաները ներկայացուցին պարեր։ Արտասանեցին՝ Քայրա Լոռին Աք, Նարեկ Այազ, Քեւըն Պաշըպիւյիւք, Ալվինա Աքըն, Նորա Էօզանթ եւ Արտէն Հանչէրօղլու։
Հարկ է նշել, որ նոր համալիրէն ներս հանդիսասրահի եւ մարզադահլիճի շինարարութեան աշխատանքները կը շարունակուին եւ անոնց աւարտին թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ կազմակերպել նաեւ պաշտօնական բացման արարողութիւն մը։
Մինչ այդ, հարկ է նշել, որ Տատեան վարժարանէն ներս պաշտօնի կոչուած են երեք փոխ-տնօրէնուհիներ, որոնք են՝ Հերմինէ Չընար (մանկապարտէզ), Անիլտա Մենեքշէ (նախակրթարան) եւ Երանուհի Պալճը (միջնակարգ)։