ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու «Մարալ» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը։ Զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին համոյթի մօտալուտ ծրագրին մասին։

Յառաջիկայ տարեմուտին «Մարալ» հանդէս պիտի գայ «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ նախատեսուած ձեռնարկին յայտագիրը պիտի բաղկանայ Մաժակ Թօշիկեանի «Ախթամար» ստեղծագործութենէն։ Ծրագրին իրենց ներդրումը կը բերեն պոլսահայ գեղարուեստական կեանքէն կարգ մը յայտնի անուններ. օրինակ՝ Պերճուհի Պէրպէրեան, Սարէմ Քիւլէկէչ, Իրիս Չափքան, Յակոբ Մամիկոնեան եւ այլն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2024