ԷՍԱԵԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՀԱՆԴԷՍ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած հան­դէ­սը տօ­նա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծեց ամ­բողջ դպրո­ցին մէջ։ Ներ­կայ գտնուե­ցան վար­ժա­րա­նի միջ­նա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէ­նու­հի Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ, ու­սու­ցիչ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Հան­դէ­սի յայ­տագ­րին տե­ւո­ղու­թեան է­սաեան­ցի փոք­րիկ սա­նե­րը հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, եր­գե­րով ու պա­րե­րով։ Ա­նոնք ար­ժա­նա­ցան ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րու։ Ա­ւար­տին ի­րենց կրթա­կան կեան­քի ա­ռա­ջին տա­րեշր­ջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին, ա­նոնք ստա­ցան ի­րենց խորհր­դան­շա­կան անդ­րա­նիկ վկա­յա­կան­նե­րը։ Տնօ­րէ­նու­հի Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ այս փու­լին ջերմ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով շնոր­հա­ւո­րեց փոք­րիկ­նե­րը, նաեւ բարձր գնա­հա­տեց ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի­նե­րը։

Հուսկ, դպրո­ցի պար­տէ­զին մէջ փոք­րիկ­նե­րը հա­տե­ցին կար­կան­դակ մը եւ բո­լոր ներ­կա­նե­րը յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ի­րենց  սի­րոյ եւ գուր­գու­րան­քին ա­ռար­կայ դար­ձու­ցին փոք­րիկ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015