ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԵՐԻ ԶԻՎԷՐ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է երախտաշատ կրթական մշակ Մերի Զիվէր։ Յետ երկարատեւ ու տառապալի հիւանդութեան ան աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, նաեւ մեծ ցաւ պատճառելով իր սիրելիներու շրջանակին։

Մերի Զիվէր պոլսահայ կեանքի արդի տարեգրութեանց մէջ իսկապէս հետք թողած անձնաւորութիւն մըն էր՝ իր մարմնաւորած ուրոյն կերպարով եւ սերունդներու պատրաստութեան ուղղութեամբ ներդրած անշահախնդիր ջանքերով։ Նորոգ հանգուցեալ Մերի Զիվէր կողակիցն էր լուսահոգի Պետի Զիվէրի, որ եւս վառ անհատականութիւն մըն էր եւ թէեւ երկար ժամանակ առաջ կնքած էր իր մահկանացուն, սակայն իր յիշատակը անթառամ կը մնայ զինքը ճանչցածներուն մօտ։ Մերի Զիվէր կրթական ասպարէզին նուիրուած էր իր ամուսնոյն նման։ Երկար տարիներ անգլերէն դասաւանդած էր համայնքային զանազան վարժարաններու մէջ։ Այս առաքելութեան առընթեր Պետի եւ Մերի Զիվէր բարեյիշատակ ամոլը երկար տասնամեակներ հետեւողական մասնակցութիւն բերած էր պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքին։

Մերի Զիվէր հաղորդական բնաւորութեամբ կը յաջողէր գրաւել բոլորին սիրտը, նաեւ կը վայելէր համատարած յարգանք ու համակրանք։

Յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին ընտանեկան մահազդով։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք լուսահոգի Մերի Զիվէրի հոգւոյն ու մեր խոնարհումը կը բերենք իր ազնիւ յիշատակին առջեւ։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր զաւակներուն, ամբողջ ընտանիքին եւ սիրելիներուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2024