ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Ես եմ յարութիւն եւ կեանք.» (Յովհ.11:25)

Կեանքի մեծագոյն գիւտը այն է, որ մենք չենք այս կեանքի տէրը, այլ որպէս շնորհք կը ստանանք զայն անտեսանելի աղբիւրէ մը: կաթիլ մը կեանք շնորհուած է մեզի Կեանքի Անսպառ Ովկիանոսէն: Մահը ուրիշ բան չէ, այլ սպառումը այդ կաթիլ մը ուժանիւթին: Աստուած Ի՛նքն է այդ Ովկիանոսը, Աղբիւրը եւ Պատճառը մեր կեանքին: Դժուար ըլլալու չէ Իրեն համար մեր ցամքած հոգիները վերստին արթնցնելը, ինչպէս սերմը կը ծլի, երբ որ ծծէ անձրեւն իր մէջ:

Տիեզերական է մահուան ազդեցութիւնը եւ անոր սահմանները՝ անծայրածիր: Պարզ է որ մահուան հետ հաշուեյարդարի նստիլը գերիվեր է մարդկային կարողութենէն, ու նոյնիսկ երեւակայութեան սահմանները գերազանցող պայքար մը՝ բացարձակ պարտութեան ենթակայ: Անոր ուժը կարելի է խափանել միայն Աստուածային միջամտութեամբ: Կենաց եւ մահուան խնդիրներուն մէջ վերջին խօսքը Աստուծոյ կը պատկանի: Իսկ մեզի կը մնայ հնազանդութեամբ ենթարկուիլ իր հայրական տնօրինութեան: Մարդը ուրիշ որեւէ ճար չունի բացի հաւատքով ու յոյսով վստահելէ Աստուծոյ խոստումներուն:

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս «մեր մեղքերուն պատճառաւ մեռաւ, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ, ու երեւցաւ Պետրոսին եւ ապա տասնմէկ առաքեալներուն: Յետոյ երեւցաւ միատեղ խմբուած հինգ հարիւրէ աւելի հետեւորդներու... Այնուհետեւ երեւցաւ Յակոբոսին եւ ապա բոլոր առաքեալներուն» (Ա. Կորն. 15:3-7)

«Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց»:

Ս. Զատիկի Յարութեան զօրութիւնը այս հաւատքով է որ կրնանք ստանալ: Այս հաւատքին հիմք կը կազմէ այն համոզումը, որ Աստուած ունենալով կեանքի եւ կենդանութեան լրիւ աղբիւրները իր իշխանութեան ներքեւ կրնայ շնորհել նորոգուած կեանք անոր, որուն կը կամենայ: Արարածները ոչինչէն ստեղծող Արարիչի համար դժուարին գործ մը պէտք չէ համարել ննջեցեալներուն մէջ նոր շունչ մը փչելով վերստին կեանքի կոչել զանոնք: Մեռելներուն յարութիւն տալ արարչագործութեան ամենէն փաստացի եղելութիւնն է, մեր աչքերուն առջեւ կատարուած ամէն գարուն: Մահը մեզ ոչնչացումի չի յանձներ, այլ խորունկ քունի մը թեւերուն՝ օր մը արթնցնելու պայմանով: Քրիստոս եղաւ Անդրանիկը մեռելներէն արթնցողներուն, որ իշխանութիւն ունի այլեւս մահուան վրայ իր ուզածը արթնցնելու յաւիտենական կեանքի համար: Այս մէկը յոյժ էական ու հետաքրքրաշարժ նիւթ մըն է մտածող միտքերուն համար: Պօղոս առաքեալ իր մեծագոյն փափաքը ըլլալով կը հռչակէ. «ճանչնալ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոսը եւ Անոր Յարութեան զօրութիւնը» (Փիլիպ. 3:1-11):

Որպէսզի ոեւէ մարդ չհպարտանայ մահը յաղթահարած ըլլալու յաջողութեամբ, Աստուած Ի՛նք որոշեց լուծել այս հարցը Իր Որդիին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ: Իր դատարկ գերեզմանը մեր առջեւ կը դրուի որպէս երկընտրանք՝ փրկութեան կամ կորստեան: Կամ պիտի հաւատանք Աւետարանէն մեզի փոխանցուած բարի լուրին՝ «Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց», որ երկու հազար տարիներ հնչեց այս երկրագունտի չորս ծագերուն. կամ պիտի մերժենք որ Աստուած յարութիւն տուած է իր Օծեալին եւ օր մը անոր գերեզմանին պէս պիտի պարպէ աշխարհի բոլոր գերեզմանները: Եթէ ժխտենք այսպիսի բարի լուր մը, կը դատապարտենք մեր անձերը կորուստի, ոչնչացման եւ յաւիտենական անէծքի: Եթէ մերժենք մեզ հրաւիրող Աստուածային փրկարար Աջը, մահը կը շարունակէ թագաւորել մեր վրայ եւ մենք պիտի շարունակենք դողդողալ անոր թանձր ստուերին տակ: Այսպիսիներուն համար մեր Տէրը իր արդար վճիռը արձակած է. «Եթէ մէկը շահի ամբողջ աշխարհը, սակայն կորսնցնէ իր կեանքը, ի՞նչ շահած կ՚ըլլայ» (Ղուկ. 9.25):

Չորս օրուայ մեռեալին՝ Ղազարոսին քոյրը Մարթան կ՚ափսոսար Տէր Յիսուսին առջեւ լաց լինելով անյոյս տխրութեան մը մէջ մխրճուած. «Տէր, եթէ հոս ըլլայիր, եղբայրս չէր մեռներ»: Տէր Յիսուս Մարթային եւ մեր նայուածքները մահէն դէպի Աստուած ուղղել կը փորձէ որպէս ոսկի բանալին՝ ամէն խնդրի լուծման: «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. ով որ կը հաւատայ ինծի, թէպէտ մեռնի ալ, պիտի ապրի. իսկ ով որ կենդանի է եւ կը հաւատայ ինծի՝ յաւիտեան պիտի չմեռնի: Կը հաւատա՞ս ասոր» (Յովհ. 11:25)

Ահա՛ այս հաւատքով մեր հոգիներուն վրայ կնիք կը ստանանք արդարներու փառքի յարութեան արժանանալու համար: «Որովհետեւ կը հաւատանք Իրեն որ մեռելներէն յարուցանեց Յիսուսը, մեր Տէրը, որ Իր կեանքը տուաւ մեր յանցանքները ջնջելու համար, եւ յարութիւն առաւ՝ մեզ արդարացնելու համար» (Հռոմ. 4:24-25):

Յարութեան հրաշքը մէկ անգամ պատահեցաւ, սակայն Յարուցեալը մի՜շտ մեզի հետ է: Յարուցեալ Փրկչի անսասանելի խոստումն է մեզի. «Ահաւասիկ ես ձեզի հետ եմ բոլոր օրերը՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մատթ. 28.20): Ուստի, Տէր Յիսուս միայն պատմութեան կամ կրօնագիտութեան գիրքերու մէջէն ուսանելի պատմական դէմքերէն մէկը չէ, այլ՝ կենդանի եւ կենդանացնող զօրութիւն մը: Ինչպէս գարունը եւ գարնան հրաշալի ծաղկումը միմիայն բանաստեղծներէն չենք լսեր կամ նկարներէն չենք դիտեր, այլ կրնանք շնչել ծաղիկներու բուրմունքը, քաղել ծառերու պտուղները՝ նոյնպէս Քրիստոսի յարութեան զօրութիւնը հաւատացեալներու կեանքին մէջ ներկայ է ընդմիշտ:

Այս հոյակապ հաւատքի ներմուծած յոյսը ունինք մեր հոգիներուն մէջ: Յոյս մը, որ կը քաջալերէ մեզ դիմագրաւելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները եւ ուրախ երգ մը կը դնէ մեր շրթներուն վրայ.

«Փա՜ռք յարութեան Քո, Տէ՜ր: Ես ոչ դադարեցայց, Փրկիչ, փառաւորել զՔեզ զամենայն աւուրս կենդանութեան իմոյ»:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

*

Սուրբ Յարութեան կենսանորոգ տօնին առիթով կ՚ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ՚ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց դասերը, Գալֆայեան ուխտի քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական խորհուրդի, Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի եւ իրեն ենթայանձնախումբերու, Տիկնանց եւ Հայ Մենթի-Մենթոր յանձնախումբերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, բժշկապետութիւնը, բժշկաց դասն ու բոյժ քոյրերը, համայնքային հաստատութեանց խնամակալութիւնները, թաղային խորհուրդները, տիկնանց յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու տնօրէնները, հոգաբարձութիւնները, ուսուցչաց դասը, աղքատախնամ մարմինները, սանուց միութիւնները, մարմնամարզական եւ հայրենակցական միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, հայ մամլոյ խմբագիրները եւ ողջ անձնակազմը, Պատրիարքական Աթոռոյս ինչպէս նաեւ բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին Սուրբ Յարութեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Յատուկ օրհնութեամբ կ՚ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք գաւառի հայոց տեսուչը եւ գաւառի մէջ բնակող մերազն ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Կրետէի հայ համայնքի անդամները։

Ս. Յարութեան տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։

Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան վարժարաններու սանուց միութեանց վարչութիւններուն, պոլսահայ միութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Յարութեան տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն՝ գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Շաբաթ, Մարտ 30, 2024