ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ կա­յա­ցաւ Ա­րա Կիւ­լէրի ա­նուան ձօ­նուած լու­սան­կար­չա­կան չոր­րորդ մրցան­քը՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ 100-ա­մեայ վար­ժա­րան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Այս տա­րուան մրցան­քին մաս­նակ­ցե­ցան 12 լի­սէէ 56 ա­շա­կերտ՝ 143 լու­սան­կա­րով։

Նախ, վար­ժա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ կա­տա­րուե­ցաւ Ա­րա Կիւ­լէ­րի մա­սին պաս­տա­ռի ցու­ցադ­րու­թիւն մը, ա­պա ներ­կա­յա­ցուե­ցան մրցու­մին մաս­նա­կից լու­սան­կար­նե­րը։ Այս ցուցադրութեան դաշնակի նուագներով միացաւ Շանթ Էսմէր։

Քա­նի որ ա­ռա­ջին, երկ­րորդ եւ եր­րորդ մրցա­նակ­նե­րուն ար­ժա­նի լու­սանկար մը չէր գտնուած՝ մաս­նա­կից­նե­րուն տրուե­ցան խրա­խու­սա­կան մրցա­նակ­ներ։ Այս­պէս, ա­ռա­ջին խրա­խու­սա­կան մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցաւ Սե­րայ Ճո­շան (Հայ­տար­փա­շա­յի լի­սէ), երկ­րոր­դին՝ Պար­պա­րոս Ա­թայ (Կա­լա­թա­սա­րա­յի լի­սէ) եւ եր­րոր­դին՝ Է­լիֆ Պե­քեա­րօղ­լու (Քա­պա­թաշի լիսէ)։ Բաց աս­տի, բո­լոր մաս­նա­կից­ներն ալ ստա­ցան մաս­նակ­ցու­թեան շնոր­հա­կա­լագ­րեր։

Այս առ­թիւ կա­յա­ցած հան­դի­սու­թեան ժա­մա­նակ բա­րի գալս­տեան խօս­քով հան­դէս ե­կաւ տնօ­րէ­նու­հի Սիլ­վա Գու­յում­ճեան։ Ար­տա­յայ­տուե­ցան նաեւ դա­տա­կազ­մէն Ռե­ֆիք Ա­քեիւզ եւ մրցանա-կակիր ա­շա­կերտ­ները։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Ղա­լա­թիոյ Ս․ Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ ու Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լու եւ վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կար­պիս Պալ­մում­ճեան։

Սրա­հին մէջ կա­յա­ցած հան­դէ­սէն ետք մաս­նա­կից­նե­րը բարձ­րա­ցան վեր­նա­յար­կի սրա­հը, ուր կը ցու­ցադ­րուէին մաս­նա­կից լու­սան­կա­նե­րը։ Ներ­կա­նե­րը պա­տուասի­րուե­ցան ըն­դուե­լու­թեամբ մը։

Չոր­րորդ ան­գամ կա­յա­ցած մրցան­քին դա­տա­կազ­մը կը բաղ­կա­նար հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րէն՝ Ա­րա Կիւ­լէր, Գրի­գոր Սա­հա­կօղ­լու, Ռե­ֆիք Ա­քեիւզ, Սիլ­վա Պին­կազ, Մա­նուէլ Չը­թաք, Եա­շար Սա­րա­ճօղ­լու եւ Սեչ­քին Թեր­ճա­ն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015