ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը կը պատրաստուի համերգի մը՝ իր հիմնադրութեան 95-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական ձեռնարկը կոչուած է «Լուսաւորչի կանթեղը Սուրբ Էջմիածնով» եւ կը հովանաւորուի Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի կողմէ։

Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համերգի ընդառաջ երգչախումբի հերթական փորձը՝ գլխաւորութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռոպէր Տողանայի։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան եւս միացաւ երգչախումբի՝ շուրջ յիսուն հոգիէ բաղկացեալ խումբին, որ մեծ եռանդով կը պատրաստուի մօտալուտ յոբելենական համերգին։

Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան, որ տասնամեակներէ ի վեր կ՚առաջնորդէ Լուսաւորիչ երգչախումբը եւ զայն հասցուցած է յաւակնոտ մակարդակի մը, ներկայիս իր սաները կը պատրաստէ յոբելենական այս փուլը լաւագոյնս արժեւորելու՝ քանի հորիզոնին վրայ ուրուագծուած է նաեւ դարադարձի բերկրանքը։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024