ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿՈՉՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կոչով մը հանդէս եկաւ համայնքային ընտրութիւններու հարցին շուրջ։ Երկար ժամանակէ ի վեր առկախուած ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու վարչական խորհուրդներու ընտրութիւնները իրականացնել կարելի պիտի ըլլայ՝ վերջերս պաշտօնապէս ընդունուած նոր կանոնադրութեամբ։ Սա մէկ կողմէ ընտրութիւնները ի վերջոյ կատարելու հեռանկարը կը ստեղծէ, իսկ միւս կողմէ համայնքէն ու փոքրամասնութիւններու շրջանակներէն ներս որոշ տարակարծութիւններու եւ դժգոհութիւններու դուռ բացած է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն ի վեր արդէն բաւական ժամանակ կորսնցուցած է համայնքը։ Հասկնալի է, որ անորոշութիւնը եւ ապարդիւն սպասումները որեւէ խնդրի համար լուծում պիտի չբերեն։ Ուստի, առկայ պայմաններուն ներքեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կոչը համայնքին ուղղեալ սթափութեան բնոյթ ունի։ Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ հրապարակեցին Նորին Ամենապատուութեան այս խնդրին վերաբերեալ խորհրդածութիւնները, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան կանոնադրութիւնը հրապարակուեցաւ 18 յունիս 2022-ին։ Այս հրապարակումէն ի վեր, շուրջ վեց շաբաթ անցած ըլլալով՝ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ այլեւս այս ուղղութեամբ շօշափելի քայլեր առնելու հարկադրանքին դէմ յանդիման կը գտնուինք։
Այլ համայնքներու վարչային դէմքեր կանոնադրութեան կարգ մը գործնական կէտերու մասին լուսաբանուելու համար պատկան պաշտօնատարներու հետ շփումներ ունեցան՝ ներկայացնելով իրենց հարցերն ու հարցումները։ Այս շփումներէն յետոյ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ եղած յայտարարութիւններով հետեւեալ պայմանները յստակացած են.
ա) Ընտրութեան սահմաններու համար որոշուած է երեք շրջան։ Այդ շրջաններու որեւէ մէկուն մէջ ընտրելի եւ կամ քուէարկող ներկայացողներու համար ստիպողական պայման է, որ անոնք տուեալ շրջանի բնակիչներ ըլլան նուազագոյն վեցամսեայ ժամանակաւ։ Ըստ ներկայ կանոնադրութեան, երեւոյթը այն է, որ կարելիութիւն չկայ որեւէ հիմնարկի մը վարչութեան ընտրութիւնը կատարելու քաղաքիս ընդհանուր սահմաններուն մէջ։ Միւս կողմէ ընտրելի թեկնածուները եւս, որոնք նոյնպէս ենթակայ են շրջանային սահմանափակման, իրենց ընտրաշրջանէն դուրս հիմնարկի մը վարչութեան թեկնածու ներկայացնելու կարելիութիւնը պիտի չունենան, եթէ յատուկ արտօնութիւն չտրուի։
Այս պարագային կարգ մը հիմնարկներ կը փափաքին իրենց իրաւական պատճառաբանութիւնները ներկայացնելով՝ գրաւոր դիմում կատարել, որպէսզի իրենց ընտրութիւնները կատարուին քաղաքիս ընդհանուր սահմաններուն մէջ։ Յամենայնդէպս, որպէս առաջնահերթ քայլ՝ անոնք պէտք է ընտրութեան որոշումը կայացնեն։
բ) Շրջանային սահմաններու մէջ կարելի է հասարակաց ընտրողական կարգադիր յանձնախումբեր կազմել։ Այսպէսով կարելի կ՚ըլլայ ապահովել աւելի մեծ թիւով մասնակցութեամբ եւ թափանցիկ ընտրութեանց կատարումը։ Շրջանային ընտրողական յանձնախումբերու այժմէն կազմուած ըլլալը ուրախալի պարագայ մըն է։ ERVAB-ի երդիքին տակ շրջանային ընտրողական յանձնախումբերու համակարգեալ աշխատութիւնը ապահովելով այս գործընթացները պէտք է կեանքի կոչուին՝ հասարակաց սկզբունքներով եւ զօրակցութեամբ գործնական հարցերը լուծելով։
Ընտրութիւններու կանոնաւոր եւ որեւէ տարակուսանքէ հեռու կատարումը կապուած է հիմնարկներու վարչութեանց եւ հասարակաց շրջանային ընտրողական յանձնախումբերու միջեւ հաստատելի առողջ յարաբերութեանց։ Այս մէկը անզանցառելի կենսական պարագայ մըն է։ Այն հիմնարկներու վարչութիւնները, որոնք կը մերժեն հասարակաց ընտրողական յանձնախումբերու հետ գործակցիլ, բնականաբար կը մատնուին կասկածելի դիրքի։
գ) Քուէարկողներու շրջանային հասարակաց ցանկերը պէտք է պատրաստուին եւ իւրաքանչիւր հիմնարկի վարչութիւն Վաքըֆներու տնօրէնութեանց ներկայացնէ այդ հասարակաց ցանկը՝ որպէս իր ընտրողներու ցուցակը։ Անոնց կանոնաւոր եւ առողջ հիմերու վրայ պատրաստութեան համար վարչութիւնները պէտք է զօրաշարժի ենթարկուին։
Որպէսզի բարձր մասնակցութեան համեմատութեամբ ընտրութիւն մը կատարուի, պարտինք համայնքային զգայնութիւնը զօրացնել։ Որպէս ձեր պատրիարքը՝ կանխաւ կը շեշտեմ, որ հանրային կարծիքի նկատառման պիտի յանձնեմ այն վարիչները, որոնք կը փորձեն սահմանափակել բարձր թիւով քուէարկողներու մասնակցութեամբ կատարելի ընտրութեան մը հաւանականութիւնը։
Կը տեսնենք, որ ընտրութեան գործընթացը մեր համայնքային կեանքէն ներս աշխուժութիւն մը յառաջացուցած է։ Կը յուսամ, թէ պիտի իրականանայ ընտրութիւն մը՝ գիտակցումով անոր կենսական դերին, նաեւ համայնքի բոլոր շրջանակները ներառելով այս գործընթացին՝ ի մասնաւորի արժեւորելով երիտասարդներու եւ կանանց աշխուժութիւնը։
Թրքահայ կեանք
- 06/24/2025