ԳՆԱԼԸԻ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐԻ ԵՐՐՈՐԴ ՓՈՒԼԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան պատուեց Գնալը կղզիի մէջ «Մենք երգենք եւ պարենք» համերգաշարի շրջանակէն ներս կազմակերպուած երրորդ ձեռնարկը։ Երաժշտահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց Նարօտ Զուռնաճը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս այս անգամուան յայտագիրը գործադրեցին Նայեատ Թէքիրօղլու, Նայիրա Այտըն եւ Լիլիան Աւիթօղլու։ Դասական երաժշտութեան կատարումներով երիտասարդները արժանացան ունկնդիրներու ծափահարութիւններուն։
Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանն ալ ներկայ էր երեկոյթին եւ եզրափակիչ փուլին արտասանեց սրտի խօսք մը։ Հուսկ, Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց երիտասարդ երաժիշտներուն ուղղեալ գնահատական խօսքեր։
Ըստ այս համերգաշարի ձեւաւորուած նախընթացին, արձակուելէ առաջ երեկոյթի բոլոր մասնակիցները միասնաբար երգեցին՝ հրաժեշտ առնելէ առաջ ստեղծուած խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասցնելով։
Թրքահայ կեանք
- 06/24/2025