ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Մեր ընթերցողներուն ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ երէկ երեկոյեան քաղաքս ժամանեց Երեւանի մեր արժէքաւոր աշխատակիցներէն Վարանդ Քորթմոսեան։ Երեւան-Իսթանպուլ թռիչքով, թերթիս խմբագրութեան հրաւէրին ընդառաջ Պոլիս կ՚այցելէ Վարանդ Քորթմոսեան, որու կեցութիւնը կը տեւէ աւելի քան երկու շաբաթ։ Ան առաջին անգամ կու գայ Իսթանպուլ։

Վարանդ Քորթմոսեան կեցութեան օրերուն որոշ աշխատանք պիտի տանի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի արխիւին մէջ ու պիտի ջանայ տարրական պատկերացում մը կազմել հայ Պոլիսի մասին, շփումներ ունենալով նաեւ բարեկամական շրջանակին հետ։

Վարանդ Քորթմոսեան, միեւնոյն ժամանակ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի յառաջատար պատասխանատուներէն մին է։ Երէկ երեկոյեան իր ժամանումը ողջունուեցաւ նաեւ Պատրիարքարանի հրատարակչութեան բաժնի պատասխանատու Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի կողմէ։

Սիրով կ՚ողջունենք մեր աշխատակցին ներկայութիւնը եւ բարի ու արդիւնաւոր կեցութիւն կը մաղթենք իրեն։

Շաբաթ, Յուլիս 30, 2022